ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄի) Արազ մասնաճիւղի վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ առաջին տարուան յաջողութենէն ետք, մասնաճիւղը մեծ ոգեւորութեամբ իր շաբաթօրեայ վարժարանի դռները կը բանայ Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10ին, Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, 75 E. Anita Ave., Burbank, CA 91502:
ՀՕՄը իր ծնունդէն ի վեր միշտ եղած է իր ժողովուրդի կողքին եւ հոգացած է անոր մարդկային կարիքները եւ ջանք չէ խնայած պահպանելու անոր մշակութային ինքնուրոյնութիւնը:
Այս հաստատման պայծառ օրինակը գոյութիւնն է ՀՕՄի վարժարաններուն, ուր յաճախող մանուկները կը սորվին հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ քրիստոնէական կրօնք, մօտէն ծանօթանալով հայկական մեր մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն:
25ամեայ ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը, հաւատարիմ մնալով այս մեծ կազմակերպութեան առաքելութեան եւ անոր նպատակներու իրականացման՝ անցեալ տարի բացումը կատարեց իր շաբաթօրեայ վարժարանին, ընդունելով 5 տարեկան եւ վեր երեխաներ: Տարին յաջող աւարտեցաւ, շնորհիւ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհիներու նուիրումին, յանձինս Փառքուհի Խաչիկեանի եւ Անի Բաբիսեանի: Կարեւոր այս յաջողութիւնը բնականաբար նաեւ կը պարտինք վարժարան յաճախող ծնողներուն, որոնք մեծ հաւատք ընծայեցին կրթական այս օճախին:
Այո՛, ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղը մեծ յաջողութեամբ պսակեց կրթական իր առաջին տարին, որուն շօշափելի փաստերը տարուան ընթացքին կազմակերպուած հանդէսները, ծնողական հանդիպումներն ու, մանաւանդ, ամավերջի հանդէսն էին: Երեխաները սիրով ու մեծ ոգեւորութեամբ ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները, պարերն ու թատերական ներկայացումները: Աւելի՛ն. ամավերջի հանդէսին մեծկակ աշակերտները համարձակութիւնը ունեցան յաջողապէս ներկայացնելու Թումանեանի «Կիկոսի Մահը» բեմականացումը, արժանանալով իրենց ծնողներուն, «Արազ» մասնաճիւղի անդամներուն եւ օրուան հիւրերուն բարձր գնահատանքին:
Վարժարանի արձանագրութիւնները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017ին, առաւօտեան ժամը 10ին: Նոյն օրը նաեւ պիտի սկսին վարժարանի դասընթացքները եւ պիտի շարունակուին ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 1, նոյն հայ կեդրոնին մէջ: Վարժարանի տարեկան սակը 350 տոլարէ, ներառեալ արձանագրութիւնն ու վարժարանի շապիկի ծախսերը:
«Շաբաթօրեայ այս վարժարանի բացումը մասնաճիւղիս երկար տարիներու երազանքն էր, որ ցարդ կարելի չէր եղած իրականացնել, վայրի չգոյութեան պատճառով: Ուրախ ենք, որ այսօր մեր երազը իրականացած է, շնորհիւ գոյութեանը Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնին, զոր շրջանի ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը ձրիաբար կը տրամադրէ մեզի, որպէսզի մեր երեխաները ապահով միջավայրի մը մէջ հայօրէն դաստիարակուին եւ ազգային նկարագիր կերտեն», վարժարանի բացումին ուրախ առիթով յայտնեց ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետուհի Այտա Սարգիսեան:
Սարգիսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի «Աղբալեան» կոմիտէութեան, որ իր ղեկավարած երիտասարդական կեդրոնը կը տրամադրէ ՀՕՄին, ծնողներուն, որոնք հաւատք կ՛ընծայեն վարժարանին, ինչպէս նաեւ ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց առաւելագոյնը ի գործ կը դնեն փոքրիկներու հայեցի դաստիարակութեան համար:
ՀՕՄի «Արազ»մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար հաճեցէք հեռաձայնել (818) 512-2203 թիւին կամ դիմել ars.araz@yahoo.com ե-նամակի հասցէին: