ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

2015ին Լիլիթ Մալխասեան Սպանիոյ Օնթինեէնթ քաղաքին մէջ (Վալենսիա), ուր շուրջ 150 հայեր կ՛ապրին, հիմնած է «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցը:
«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Լիլիթ Մալխասեան, որ նաեւ դպրոցի տնօրէնն է, ըսաւ, որ ապրելով Սպանիոյ մէջ՝ տարուէ տարի իր հոգիին մէջ աւելի կը զօրեղանար հայկական դպրոց հիմնելու գաղափարը, քանի որ տեսնելով այնտեղ ապրող հայ երեխաներու մայրենիին, հայ մշակոյթին հանդէպ, որոշ չափով, անտարբեր վերաբերմունքը՝ խոր ցաւ կ՛ապրէր:
«Իբրեւ հայ, իմ պարտականութիւնս կը համարէի դպրոցի հիմնումը, շատ կ՛ուզէի, որ Հայաստանէն հեռու ապրող հայ երեխաները դպրոց յաճախելով՝ չմոռնան հայերէնը, կապուին հայ գիր ու գրականութեան, տառաճանաչ ըլլան, որ կը նպաստէ ինքնութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման: Դեռեւս միայն ես կը դասաւանդեմ, մեծ սիրով կը կատարեմ աշխատանքներս՝ աշակերտներուն հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ երաժշտութիւն դասաւանդելով: Այսօրուան դրութեամբ, դպրոցը տաս աշակերտ կը յաճախէ», իր խօսքին մէջ ընդգծեց Լիլիթ Մալխասեան՝ աւելցնելով, որ սկսած է համագործակցելու Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ. արդէն պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է դասագիրքերու տրամադրման հարցով:
Լիլիթ Մալխասեան իր երկու որդիներուն նոյնպէս կը տոգորէ հայրենասիրական ոգիով, կը վստահեցնէ, որ ամէն ինչ կ՛ընէ, որ անոնց հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տայ, հայրենիքի հետ կապերը չխզելու համար: Ամառնային արձակուրդներուն զանոնք Հայաստան կը բերէ, տարբեր տեսարժան վայրեր շրջայցերու կը տանի, իսկ յաջորդ տարուան այցելութեան ընթացքին տղաները պիտի մասնակցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
Նշենք, որ Լիլիթի կրտսեր որդին՝ տասներկու տարեկան Սիրեկան Յովհաննիսեան, Օնթինեէնթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է:
Աւելցնենք նաեւ, որ դպրոցի տնօրէնը Հայաստանին, մեսրոպեան տառերուն եւ հայկական մշակոյթին նուիրուած կազմակերպած է ընդ-գրկուն ձեռնարկ մը, որուն ի թիւս այլ հիւրերու, ներկայ եղած են նաեւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: