ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Սուրիա եօթը տարի համաշխարհային ճնշումներու դէմ դնելէ ետք, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատելու նախանշաններ կու տայ:
Պատերազմի տեւողութեան, Սուրիոյ դէմ ի գործ դրուեցան այնպիսի սադրանքներ, որոնք երկրին բանակը քայքայելու եւ համատարած անիշխանութիւն յառաջացնելու պիտի ծառայէին: Ահաբեկչական ինքնասպանական խմբաւորումներ, անոնց թափանցումները դիւրացնող ստորգետնեայ անցքեր ու օտար երկիրներէ Սուրիա արտածուող մեծաթիւ զինեալներ սուրիական բանակի քայքայման գրաւականը համարուեցան: Պատերազմի այս ձեւը իր նախադէպը ունէր, հարկա՛ւ: Նման յարձակումներով աշխարհի մեծագոյն բանակներ կարելի եղած էր քայքայել, Աֆղանիստանի մէջ՝ Խորհրդային Միութեան բանակը, Իրաքի մէջ՝ ամերիկեանը:
Պատերազմի այս ձեւին մէջ ինքնապաշտպանութեան դասական ձեւերը անպիտան կը դառնան, բանակը կը սկսի աստիճանաբար վիժելու՝ ահաբեկչական նման խմբաւորումներու անձնասպանական գործողութիւններուն դէմ տեղի տալով ու փողոցներու կռիւներու մէջ ներքաշուելով:
Սուրիոյ պարագային, սակայն, բանակն ու դիմադրութեան մարտիկները յաջողեցան դասական մարտերուն կողքին՝ նո՛յն այս ձեւով հակադարձել, ու քայքայեցին հակառակորդը:
Սուրիական բանակը վերջին քանի մը ամիսներուն կարեւոր յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ ոչ միայն սուրիական անապատին մէջ, այլեւ՝ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին, մէկէ աւելի ճակատներու վրայ՝ Տէր Զօր, Համա, Հոմս, Հալէպ, Դամասկոս եւ այլուր:
Զինուորական յառաջխաղացքին զուգահեռ, նկատելի կը դառնան տնտեսութեան ապաքինման նախաքայլերը: Դամասկոսի Միջազգային տօնավաճառին բացումը, երկրին դիմագրաւած այս տագնապին մէջ այնքան ալ արհամարհելի յաջողութիւն մը չէր: Տօնավաճառին մասնակցեցաւ 43 երկիր, եւ մէկէ աւելի տնտեսական պայմանագրութիւններ կնքուեցան:
Երկրի ներքին տնտեսութեան անիւը աստիճանաբար յառաջ կը մղուի: Այս վերջինը բնականաբար իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սուրիական դրամանիշի արժէքին վրայ: Միւս կողմէ՝ կազի եւ քարիւղի հանքերու ազատագրումը, երկրի բնական հարստութեան վերաօգտագործումը, Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքը համարուող Հալէպի գործարաններուն վերաբանեցումը՝ տնտեսութեան ապաքինումը կ՛աւետեն։
Քաղաքական գետնի վրայ, գերպետութիւններու դիրքորոշումները՝ ի նպաստ Սուրիոյ պետութեան, կտրո՛ւկ շրջադարձ կ՛արձանագրեն:
Քալամունի ու Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտիի՝ ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործումով, սուրիական եւ լիբանանեան բանակներուն ու դիմադրութեան շնորհիւ, ահաբեկչական խմբաւորումներու Սուրիա թափանցելու անցքերը վերջնականապէս կը փակուին:
Այժմ, բուռն մարտեր կ՛ընթանան ահաբեկչական մնացեալ խմբաւորումները պաշարման ենթարկելու եւ սուրիական հողերու ազատագրումը ամբողջացնելու համար:
Սուրիոյ պատերազմին աւարտը նշող այս զարգացումները, սակայն, բնականաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուին այնպիսի պետութիւններու կողմէ, որոնց շահերը կը թելադրեն քայքայել միջինարեւելեան դիմադրող երկիրներն ու ընդմիշտ սրել անոնց ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ լարուածութիւնը:
Յառաջիկայ օրերուն այդ պետութիւններու օրակարգին վրայ վերստին կրնայ յայտնուիլ ցեղային հակամարտութիւններու եւ անջատողական շարժումներու հրահրումը, որուն դիմաց բնականաբար պիտի շեշտադրուին սուրիական ընկերութեան մաս կազմող բաղադրիչներուն միասնականութիւնն ու բանակին եւ պետութեան հզօրացումը: