Հայկական երաժշտական խումբեր եւ անհատ կատարողներ պիտի մասնակցին Սեպտեմբեր 14-17 Չինաստանի եւ Քորէայի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող Հայաստանի մշակոյթի օրերուն:
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Գողթ» ազգագրական խումբը եւ քանոնահար Մերի Մուսինեան, նախատեսուած է նաեւ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի մասնակցութեամբ:
Այդ ծիրին մէջ պիտի իրականացուի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնարկի հաւաքածոներէն կազմուած հայ լուսանկարիչներու ցուցահանդէս՝ «Արարատը հայու աչքերով» խորագիրով:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայաստանի մշակոյթի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն. անոնց կ՛աջակցին Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնները: