ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր բառերուն ամէնէն կղզիացածը…
Դիւրին չէ՛, հազարամեակներ կ՛առնէ: Բայց վերջապէս, ամէն բառ կ՛ունենայ, բնականաբար, ընտանիք մը, մարդու նման: Արմատ բառէն կը սերին նոր բառեր՝ բարդ եւ ածանց, տեղի կ՛ունենայ իմաստի զարգացում, ծնունդ կ՛առնեն ասացուածքներ, դարձուածքներ ու իր հասունութեան օրերուն, բազմադարեան ուղեւորութիւններէ ետք՝ արմատ բառը, ալեհեր ծերունի մը իմաստուն, նախահայրը գերդաստանին, իր շուրջ կը վայելէ բազմանդամ ընտանիքի մը ջերմութիւնը, հարստութի՛ւն մը իսկական, ու կ՛արժանանայ բոլորի յարգանքին եւ ակնածանքին:
Վերոյիշեալ կենսագրութիւնը չունեցաւ «կղզի» բառը: Բացառութիւն մը յուզի՛չ: Կղզի բառը – ինչպէ՞ս փոխել բնաւորութիւնը – մնաց մենակեաց, մեկուսացած, իր խօսքով՝ «կղզիացած»… Այսօր կ՛ուզենք «կղզի» բառին մասին զրուցել, եւ քանի որ շատ մեծ տարածութիւն մը չի ներկայացներ հայկական մեր «կղզին», ապա կարելի է մինչեւ բլրագագաթ բարձրանալ ու տեսնել համայնապատկերը:
«Կղզի» բառի ծագումնաբանութիւնն իսկ, սիրելի՛ ընթերցող, մշուշապատ է, խորհրդաւո՛ր: Քանի՜-քանի հմուտ լեզուագէտներ նաւարկած են անոր շուրջ եւ փորձած խարսխել, սակայն ափսո՜ս, անմերձենալի գտած են զայն ու հեռացած: Աճառեան մէկն էր անոնցմէ: Տեսնելով բառին նմանութիւնը արաբերէն «ճեզիրա» եւ ասորերէն «կազարտա» նոյնիմաստ բառերուն՝ համարած է, թէ մեր «կղզի»ն ասորական ծագում պէտք է որ ունեցած ըլլայ: Իսկ հունգարացի բանասէր եւ հայագէտ Պատրուբանի 1906 թուականին վճռած է, թէ բառը կապ ունենալու է «ըն-կղմեմ» եւ «ընկլնում» ձեւերուն հետ: Այս տեսութիւնը լոյս տեսած է «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ. (վերջին հաստատումը մեզի ծանօթ է Աճառեանի փոխանցումով)։
Ըստ երրորդ տեսութեան մը՝ բառը բնիկ հնդեւրոպական է եւ ունի լեհերէն, միջին-վերին-գերմաներէն եւ հին իսլանտերէն սերնդակիցներ:
Գալով շառաւիղներուն… նուազ քան ձեռքերու մը մատները՝ հազիւ եօթը հատ. թերակղզի, կղզեակ, կղզեբնակ կամ կղզիաբնակ, կղզիական, կղզիանալ, կղզիացնել, կղզիացում: Կը թերթենք հայերէնի մասնագիտացած բառարանները, դարձուածքներ եւ ասացուածքներ որոնելու նպատակով, ինչպէս՝ «Հայերէնի Դարձուածքների Ընդարձակ Բացատրական Բառարան», «Հայոց Լեզուի Բարբառային Բառարան», «Հայոց Լեզուի Դարձուածաբանական Բառարան«, «Հազար Ու Մէկ Բառ Ու Բան՝ Հայոց Խօսից Բարբառէն», «Բառգիրք Արարատեան Բարբառի»… Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն: Հայկական լեռնաշխարհը, որ ունէր Լիմ, Կտուց, Աղթամար եւ Առտէր կղզիները Վանայ լիճին մէջ, հանդերձ իր վանքերով, մատուռներով եւ արքունի պալատներով, անտեսած ըլլալ կը թուի «կղզի» բառը: Հակառակ անոր որ չորս կողմը ջուրով շրջապատուած էր, ցամաք մնաց «կղզի» բառը: Նոյնիսկ Նարեկացին, որ իր ամբողջ կեանքը անցուց Վանայ լիճին վրայ, եւ որուն «Մատեան Ողբերգութեան» աշխատասիրութեան կը դիմենք՝ ցոյց տալու համար մեր բառապաշարի հարստութիւնն ու գունագեղութիւնը, մէ՛կ անգամ, միայն մէ՛կ անգամ գործածած է «կղզի» բառը. «Ի ծոցս ջուրց բազմութեան ծովուց եւ կղզեաց նոցա»:
Հայ միտքին եւ մտաւորականութեան մէջ, «կղզի»ն, վերջին երեք հարիւր տարիներուն, շատ հեռացաւ հայրենի բնաշխարհէն: Անիկա բնակութիւն գտաւ Վենետիկի մէջ: Ս. Ղազար «կղզի»ն է, որ իր դրոշմը դրաւ հայ տպագիր գիրքի պատմութեան մէջ ու յայտնուեցաւ Մխիթարեան հայրերու հրատարակած բոլոր գիրքերու անուանաթերթերուն վրայ: 1800ական թուականներուն, փոքր աշխուժութիւն մը կամ ալեկոծում մը տեղի ունեցաւ «կղզի» բառի գործածութեան մէջ: 1852ին, անիկա առաջին անգամ հայերէն գիրքի մը անուն դարձաւ. «Աշխատալի Գիշեր Կամ Ընտանեկան Պատմութիւն՝ Հարաւային Ովկիանոսի Կղզիները Առջի Խրկուած Քարոզիչներուն Աշխատութեանցը»: Դժբախտաբար, այս գիրքը լոյս տեսաւ ո՛չ Վանի, ո՛չ ալ Երեւանի մէջ, այլ՝ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ծայրը, Եգէականի ջերմացնող արեւուն տակ, Զմիւռնիա քաղաքը: Երկրորդ մը լոյս տեսաւ մեր մտաւոր աշխարհագրութեան արեւելեան ծայրը, Կասպից ծովու ափերուն, Պաքու քաղաքին մէջ, 1872ին. «Հնդկացւոյ Անցքը Անմարդաբնակ Կղզիներում»: 1876-78 թուականներուն Զմիւռնիա քաղաքն էր, որ հրապարակագիր եւ թարգմանիչ Մատթէոս Մամուրեանի ղեկավարութեամբ դարձեա՛լ կը նաւարկէր կղզիներու բառաշխարհին մէջ, Ժիւլ Վեռնի երեւակայութեամբ. «Խորհրդաւոր Կղզի», հատոր Ա., Բ. Եւ Գ.:
1885ին երեւաց Վենետիկը՝ «Ամայի Կղզին» հատորով: Իսկ Թիֆլի՞սը… Կը յիշենք ուշացումով, որովհետեւ այս քաղաքը, իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, կ՛երեւի միայն 19րդ դարուն. անիկա «կղզի» բառը իր հրատարակութիւններուն վրայ գործածող քաղաքներու շարքին մէջ ամենավերջինը եղաւ. 1898ին, Միրզայեանցի թարգմանութեամբ եւ Ռոտինեանցի հրատարկութեամբ, հոն լոյս տեսաւ Վալթեր Սքոթի մէկ վէպը՝ «Կղզիների Լորտը»:
«Կղզի» բառին եթէ ուշադրութիւն չդարձնէին հայ նկարիչներն ու բանաստեղծները, որոնք թիւով շատ չեն, անիկա բոլորովին անտեսանելի կը մնար, ինչպէս Սեւանի կղզին՝ մութ գիշերներուն: Բայց 1884ին, շնորհիւ Գեւորգ Բաշինջաղեանի նկատող աչքին եւ երանգապնակին, այդ կղզին մարմին եւ գոյն առաւ ու դարձաւ գեղանկար. «Սեւանայ լիճն ու կղզին՝ գիշերով»: Աւետիք Իսահակեան, նոյն կղզիի Գրողներու տան պատշգամէն նայելով՝ շշնջաց. «Ա՜խ չմեռնէի, թերակղզին նորից կղզի դարձած տեսնէի…»: Իսկ Յովհաննէս Այվազովսքին նկարեց Լորտ Պայրընը եւ օտար կղզիներու ամէնէն հայկականը՝ նկարը անուանելով «Ճորճ Պայրընի Այցը Սուրբ Ղազար Կղզի» (1899):
Բանաստեղծներն ալ պատուեցին բառս: Առաջինը Թումանեա՛նն էր՝ իր «Ախթամար»ով. «Խաւար կղզուց մարզ ու պայծառ, մի լոյս կանչում է նրան…, Այն օրուանից սրա համար կղզին կոչուեց Ախթամար»: Մինչդեռ Ե. Չարենցի պարագային, կղզիի վրայ չէր իրեն սպասող գեղեցկուհին, այլ ա՛ն դարձած էր կղզի… «Կնոջս՝ Արփենիկ Չարենցի Յիշատակին» բանաստեղծութիւնն է. «Կարօտներիս ծովի կղզիներում անցած՝ դու իմ կղզին եղար միա՛կ ոսկէ»: Իսկ Վահան Թէքէեանի պղատոնական եւ խորհրդապաշտ գրիչին տակ, «Բաց Ծովուն Մէջ» ինքնաքննադատական բանաստեղծութեան տողերէն ներս «կղզի» բառը դարձաւ չմարմնաւորուա՛ծ սէրեր.
«Ես պզտիկ ու մեծ շատ մը սէրերու
– Արշիպեղագո՛ս – նաւելով մէջէն,
Առանց ոչ մէկուն քով խարսխելու
– Ի՜նչ խենթ, խենթ էի – հասած եմ բաց ծով…»։
Գեղապաշտ վիպասանութիւններու եւ գեղատեսիլ կտաւներու շրջանը անցաւ: Ինչպէ՞ս գիտենք… Հայկական մամուլէ՛ն: Մերօրեայ քաղաքական պայմաններուն մէջ «կղզի»ն դարձած է անհանգստացնող բառ: Ահա՛ մէկ-երկու մէջբերում. «Հալէպը դարձեա՛լ կղզիացած է՝ Խանասէր-Հալէպ ճանապարհի փակումով», «Մի փոքր կղզիացած է մեր դիւանագիտութիւնը», «Պէտք է դադարենք կղզիացած երկիր լինել», «Մարտիրոսուած գիւղը հայրենի՝ կղզիացած եւ ամայացած»…
Բայց օր մը, Պարոյր Սեւակը ամենաբարձր պատուանդանի վրայ դրաւ «կղզի» բառը: Այդ օր, ողջ Հայաստանը իր լեռնագագաթներով ու լիճերով, սարերով ու ձորերով, դարձաւ… կղզի՛։ Այսպէ՛ս պէտք է միշտ յիշել եւ յարգել մեր կղզիացած բառը.
«Երկնքից առկախ մի լեռնակղզի՝
Հայաստա՜ն Աշխարհ:
Երկնքից առկախ այդ լեռնակղզու ուղիղ կենտրոնում՝
Երկու զանգ հսկայ եւ անձեռագործ:
… Անունն՝ Արարատ,
կամ՝
Սիս ու Մասիս»: