ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմը ծանուցող պաստառներուն տեղադրումը նախ արգիլած, ապա հայ համայնքի բողոքին տեղի տալով՝ աւելի ուշ զանոնք տեղադրելու «Ամերիքանա»ի տուած որոշումէն ետք, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցած են «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ» հաստատութեան սեփականատէր Ռիք Քարուսոյի հետ, քննելու համար ապագային նման անախորժ միջադէպերու առաջքը առնելու կարելիութիւնները:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան կը յայտնէ, թէ Քարուսօ համաձայնած է մօտէն գործակցիլ ամերիկահայ համայնքին հետ՝ յարաբերութիւնները բարելաւելու նախաձեռնութիւններ իրագործելու համար, որպէսզի կարենայ վերաշահիլ համայքին վստահութիւնը։
Մանուկեանի եւ Քարուսոյի կողքին, հաւաքին ներկայ եղած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Պերճ Կարապետեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդակցական մարմինի անդամ Յարութ Սասունեան եւ Հայ Դատի այլ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Ամերիքանա» շուկայի սեփականատէր «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ» հաստատութեան փոխտնօրէն Ճեքի Լեւի ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Լեւի «արդիւնաբեր» որակած է հանդիպումը եւ յոյս յայտնած, որ քաղաքի հայ համայնքին հետ յարաբերութիւնները առաւել կը սերտանան։
Հանդիպման իբրեւ արդիւնք, «Ամերիքանա»ն որոշած է յատուկ յանձնախումբ մը կազմել, զբաղելու համար յատկապէս քաղաքի հայութեան հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործով։