Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կը սիրենք կլոր թուականներով ամեակները: Յայտարարութիւններու եւ ճառերու տպաւորիչ վերտառութիւններ կ՛ըլլան, ինչ կը վերաբերի պատմական իրադարձութիւններու թէ անհատներու, մանաւանդ՝ մեծերու:
Յաւերժօրէն ցաւագին հայոց հայրենահանման եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, Հայաստանի վերանկախացման քսանհինգամեակէն ետք, կը պատրաստուինք համազգային ըմբռնումով նշելու անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը:
Այս ոգեշնչող հարիւրամեակին առիթով, բացի պատմական կարեւոր իրադարձութեան յիշեցումէն, ի՞նչ կրնանք ընել, ոչ միայն ըսել, որ մեր ժողովուրդի վաղը իր այսօրուան կացութենէն աւելի լաւ ըլլայ: Այս աւելի լաւին մասին պէտք է խօսիլ, ողբերգութեան ոգեկոչումէն, անոր իրականութիւնը հաստատող փաստահաւաքէն անդին նայելով, չբաւարարուելով մխիթարական բալասանի նմանող ճանաչումներով եւ ինքնախաբէութեան յանձնուիլ անցեալի պանծացման հրավառութեամբ:
Այսինքն ի՞նչ պիտի ծրագրենք եւ ինչպէ՞ս պիտի իրագործենք, որպէսզի ամեակները մեր թոռան տարեդարձի երջանկութեան մաղթանքէն եւ տպաւորիչ կարկանդակէն տարբեր ըլլան:
Դարեր շարունակ պարտադրաբար պետութիւն չունեցած ժողովուրդ էինք, որ ուրիշներու ծառայութեան կոչելով ինքզինք, ուզեց իրագործել իր քաղաքական, զինուորական եւ վարչական կարողութիւնները. Բիւզանդիոն, Օսմանեան կայսրութիւն, ցարական կամ խորհրդային Ռուսիա: Այդպէս կ՛ընէ ան նաեւ այսօր սփիւռքներու մէջ, թաղապետական խորհուրդներու փառասիրութիւններէն մինչեւ ազգային ժողովներ, նախարարութիւններ, դիւանագիտական եւ զինուորական դիրքեր:
Հարցում. ի՞նչ բերած են հայոց հայրենիքին եւ հայ ազգին Բիւզանդիոնի տասնեակ հայ կայսրերը, Օսմանեան կայսրութեան հռչակաւոր մեծ «վեզիր»ները, սփիւռքներու հայածնունդ քաղաքական կարեւոր համարուած դէմքերը: Քաղաքականութիւնը կ՛ենթադրէ հայրենիք եւ հայրենատէր ժողովուրդ: Ինչ որ հայրենիքէն դուրս է, գաղութային է եւ քարոզչական, ազգի պատմութեան եւ լինելութեան ուղիին վրայ մասնակի եւ ժամանակի գիծին վրայ անվաղորդայն:
Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հռչակումը դարագլուխ կը բանար: Անոր խորհրդանշական կարեւորութիւնը հարկ է ըստ արժանւոյն գնահատել, ամէն կարգի քննադատութիւնները գերանցելով եւ զայն փոխադրել մեր անմիջական ներկային մէջ, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ): Առանց հռետորական տաղասացութեան:
Ժամանակակիցներս, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ազգի հզօրացման եւ միացման առաջադրանքին կրնա՞նք ծառայեցնել անցեալի դառն յիշողութիւնները եւ վերականգնումի կամք ներշնչող նուաճումները: Նախ պէտք է ունենալ նման առաջադրանք եւ ապա վարել շարունակութիւն ըլլալու եւ վերականգնումի ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող քաղաքականութիւն, որ չըլլայ աւուր պատշաճի բառակոյտ, ենթադրելով որ այդ է ճամբան համախոհութեան, որ դրամանենգութեան կը նմանի, եթէ հիմնախնդիրները շրջանցուին ճեղքերը ծեփելու միտող ճապկումներով: Փականագործները ունին յատուկ բանալի մը, որ կրնայ բոլոր դռները բանալ, ֆրանսերէն կ՛ըսեն՝ passe-partout: Նոյն ձեւով, կան խօսքեր եւ յայտարարութիւններ ալ, որոնք այդպէս են, passe-partout: Կ՛ըսուին սուգի եւ հարսանիքի, մէկ կամ միւս ամեակի առիթներով, չեն լսուիր թաղիքապատ դռներէն անդին:
Հարիւրամեակ մը եւ քսանհինգամեակ մը անցան, հիմա ընդառաջ կ՛երթանք հարիւրամեակի մը, որ ազգի վերականգնումի եւ միացման առաջադրանքներով պէտք է ներկայանայ, այդ զոյգին դէմ ցցուող խոչնդոտները վերացնելու կամքով, ոչ լեզուագարութեամբ: Միացում եւ վերականգնում առարկաներ ունին, սրահներ յուզող կրկներեւոյթներէ անդին:
Այս պահուս չեմ կրնար չմտածել ազգը երկփեղկած հիմնահարցի մը մասին: Կարծէք լուռ համախոհութեամբ կամ մեղսակցութեամբ, մեր ժողովուրդի հատուածները իրարմէ զատած ուղղագրութեան հարցը ոչ ոք կ՛ուզէ ազգի հզօրացման եւ միացման ազդակ համարել, ըստ այնմ դիրքորոշուիլ եւ թնճուկը լուծել: Հայերէնի՝ որպէս ազգի հզօրացման եւ միացման ազդակ պաշտպանութիւնը, միայն ուղղագրութեան հարցը չէ, այլ նաեւ անոր զտումը եւ ժամանակակից գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան համապատասխան նոր եզրերու հնարումը, ինչպէս այդ ըրած են եւ կ՛ընեն մշակութային արմատներով հարուստ եւ անոնց կառչած ժողովուրդները, փոխան վայրագ ներածումներու, ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի մոլորակի ծանօթ եւ անծանօթ անկիւնները: Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ) հայերէնի հարազատութիւնը անտիրութեամբ խաթարուած է, յանուն պարզացման, ժողովրդականացման, արդիականացման եւ յառաջդիմութեան, այն աստիճան, որ հայ տիկիններու շրթներուն, պարզ «աղբաման»ը կը դառնայ «փուպէլ», «վէյս»չ, «չէօփ», «զիպիլի թէնէքէ» կամ «զիպիլի վետրօ»: Հետեւութեամբ այդ բառերուն, իմանալով Խորենացին, կը ճշդէք հայութեան, ոչ Հայաստանի սահմանները:
Լեզուի զտման հարցը միացման օրակարգ կ՛ըլլա՞յ այս հարիւրամեակին առիթով, որպէսզի քաղաքական անկախութիւնը լրացնենք եւ ամրացնենք մշակութային անկախութեամբ եւ այդ հունով առաջնորդենք զանգուածները: Մշակութային անկախութիւնը ինքնութեան կերտման եւ պահպանման անշրջանցելի խարիսխն է: Հայերէնի բառագանձը եւ անոր հարազատ ուղղագրութիւնը վերականգնելով, ազգի միացման կը նպաստենք: Միատեսակ ուղղագրութիւնը արեւելահայ եւ արեւմտահայ ընթերցողներուն միջեւ պատնէշը կը վերցնէ: Ճիշդ է, որ կան անձեր, որոնք դժուարութիւն չունին, եւ ուղղագրութեան տարբերութիւնը ընթեցման արգելք չէ, բայց անոնք փոքրամասնութիւն են: Միշտ պէտք է մտածել՝ նկատի ունենալով զանգուածը, մեծամասնութիւնը, որ ազգի գոյացման, պահպանման եւ պաշտպանութեան համար հիմնական պայման է եւ ընտրանիի ակումբ չէ, ուր ոմանք կը խանդավառուին միաւորներով:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Ուղղագրութեան միասնականացում-վերականգնումը հեշտ չէ, հեշտ պիտի չըլլայ, նոյնիսկ եթէ նման քաջ որոշում կայացուի: Ոչ ոք կ՛անգիտանայ, որ «արդի» կոչուած ուղղագրութիւնը գրեթէ մէկ դարու կեանք ունի, արդէն երրորդ կամ չորրորդ սերունդն է, որ զայն տեսած է, անով ուսանած, անով գրած:
Բայց այդ վերականգնումը իրապէ՞ս անկարելի է: Քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը ճշգրիտ գիտութիւններ չեն եւ կը տրամաբանեն հանգունակութիւններու որոնումով, բաղդատական տրամաբանութեամբ, ֆրանսացին կ՛ըսէ՝ raisonnement par analogie:
Ի՞նչ կ՛ըսէ պատմութիւնը:
Հինգերրդ դարուն ոչ տպագրութիւն կար, ոչ համակարգիչ եւ ոչ ալ համացանց: Բայց գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, Մեսրոպի եւ Սահակի աշակերտները սորվեցան մեր նորաստեղծ այբուբենը, անով գրեցին, թարգմանեցին եւ մշակութային ժառանգութիւն ստեղծեցին: Յաջողեցան, քանի որ ուզեցին, հաւատք ունեցան, ինքնութեան կամք ունեցան:
Յաճախ նախանձով կը յիշենք հրեաները: Ի՞նչ ըրին անոնք: Կը գործածէին խառնարան լեզու մը, որ շատ հեռու էր իրենց արմատներու լեզուէն, որ դարձած էր ծիսական: Անոնք իրենց կրօնական լեզուն՝ եբրայերէնը, դարձուցին ազգային լեզու: Պատմաքաղաքական անկիւնադարձային որոշում մը, որուն համար հզօր կամք պէտք էր: Բաղդատե՞նք եբրայերէնը գրաբարին: Ուղղագրութեան վերականգնումը հրեաներու եբրայերէնի վերադարձէն աւելի՞ դժուար է: Գրաբարի վերադարձի մասին ոչ ոք կը մտածէ:
Նոր հարիւրամեակին առիթով, եթէ Հայաստանի պետութիւնը եւ Սփիւռք(ներ)ը միահամուռ կամքով յայտարարեն, որ կը վերականգնեն հայերէնի դարաւոր դասական ուղղագրութիւնը եւ կ՛որոշեն զտել հայերէնը, զայն հարստացնելով հայերէն արմատներու հիման վրայ ստեղծելով նոր ժամանակներու պահանջ նոր եզրեր, գիտական, բժշկական, բուսական, կենցաղային, գործածելով մեր բառագանձի հարստութիւնը, փոխարինելով մուրացածոյ բոլոր բառերը եւ շարահիւսութիւնները: Այս կ՛ըլլայ ազգի միացման միտող հսկայ քայլ, եւ ապագայ սերունդները երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն քաղաքական առաջնորդները եւ մտաւորականութիւնը, որոնք իրագործած կ՛ըլլան մեր նոր ժամանակներու մշակութային մեծ յեղափոխութիւնը:
Տեղ մը կրկին պէտք է յիշել Յակոբ Օշականը, որ կ՛ըսէր, թէ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը: Այսինքն պէտք է քաղաքականութիւն դառնայ մշակոյթ-ինքնութիւնը, Սփիւռք(ներ), բայց նաեւ Հայաստան:
Միաժամանակ, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), պիտի կարենա՞ն առանց սեթեւեթի յայտարարել, որ իշխանատենչութիւններէ եւ փառասիրութիւններէ վեր են Հայաստանի, ներառեալ Արցախի բնակեցումը, լքուած տարածքներու բնակեցումը եւ անոնց հունով ճառերու մշուշէն ձերբազատուած հայրենադարձութիւնը: Պելճիքան եւ Զուիցերիան փոքրիկ երկիրներ են, բայց անոնց բոլոր քաղաքները միաժամանակ զարգացած են, կարեւոր եւ երկրորդական քաղաքներ չկան, անոնք միաքաղաք երկիրներ չեն, Պեռն եւ Ժընեւ, Պրիւքսէլ եւ Անվերս, հաւասար կարեւորութիւներով քաղաքներ են: Ի՞նչ կրնանք ըսել Հայաստանի պարագային, Երեւանի եւ Ղափանի մասին, Երեւանի եւ Գիւմրիի մասին կամ Գորիսի, Սիսիանի, Մեղրիի, Աբովեանի եւ միւսներուն մասին:
Հայ ժողովուրդի համրանքի մեծամասնութիւնը Սփիւռք է: Անոր աստիճանական վերադարձը կը կազմակերպուի, ներքին եւ արտաքին ընչաքաղցութիւնը յաղթահարելով, երկրին մէջ վերացնելով յուսահատութիւն պատճառող անհաւասարութիւնները եւ վստահութիւն ներշնչելով Սփիւռք-(ներ)ին, ի հարկին զայն մասնակից դարձնելով ծրագրումներու եւ որոշումներու, որոնք հրաշք պիտի չգործեն, բայց պիտի ստեղծեն պայմանները վերադարձի եւ բնակեցման: Տեսիլք, հեղինակութիւն (charisme) ունեցող անշահախնդիր ղեկավարութեան եւ անոր զօրավիգ մտաւորականութեան կարիք կայ: Կրկին պէտք է յիշել իր գիւղացիի նուազագոյն տարազով Մահաթմա Կանտին, որ իր հագուստին բուրդը ինք կը մանէր եւ իր այծին կաթով կ՛ապրէր, առանց ապարանքի եւ թիկնապահներու: Բայց ժողովուրդը, հարիւրաւոր միլիոններով, կը լսէր զինք:
Միացման, վերակագնումի, համագործակցութեան եւ ստեղծագործ աշխատանքին առջեւ կը ցցուին արգելքներ՝ վարչական, տնտեսական, կազմակերպական, մշակութային, լեզուական: Բնաւ հետաքրքրուա՞ծ էք հայրենադարձներու վարչական, անձնագրային եւ արձանագրութիւններու դժուարութիւններով, երբ օտար երկրի իրենց անունները եւ անձնանունները կը թարգմանուին, հետեւելով մեքենական-համակարգչային տառադարձութեան, երբ Մծբնայ Հայրապետ ՅԱԿՈԲը կը դառնայ ՀԱԳՈՊ: Այդ ե՞րբ է, որ հայերէն անուններու ցանկին վրայ տեսնուի ՀԱԳՈՊը… եւ կը հետեւին հասցէի, դրամատնային, կալուածատիրական իրաւունքներ ճշդելու բարդութիւնները, որոնցմէ տեղեակ չ՛ըլլար վերնախաւը, բայց մարդիկ կը վազեն մէկ գրասենեակէն միւսը, եւ կը ծնի ընդվզումը:
Այս հարիւրամեակին առիթով, իշխանութիւնները, ուր որ գտնուին անոնք, կ՛ունենա՞ն բաւարար քաջութիւն, հարցերը սեղանի վրայ դնելու եւ լուծում գտնելու:
Որպէսզի անկախութիւն, բնակեցում, վերաբնակեցում եւ հայրենադարձութիւն չըլլան սոսկ շաբաթավերջի կամ կլոր թուականներու ճառ, այլ միացման եւ հզօրացման ազդակներ, մասնակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Գիտե՞նք, որ արտերկրի ֆրանսացիները կ՛ընտրեն իրենց Ազգային ժողովի ներկայացուցիչը: Եւ Հայկական Սփիւռք(ներ)ը բացակայ է ազգ ղեկավարող ժողովէն:
Ի՞նչ պիտի տեսնենք եւ հաստատենք, երբ այս հարիրամեակի հրավառութիւնները վերջ գտնեն եւ բեմի լոյսերը հանգին:
Պիտի կարենա՞նք ըսել, որ մեր վաղը այսօրուընէ լաւ պիտի ըլլայ… քաջ գիտնալով, որ սպասման սենեակին մէջ քնանալով եւ ճառերու յուզումնախառն թամթամով ապագայ չի կերտուիր:
Այդ ապագան կը կերտուի Հայաստաններու իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցումով, եւ կրկնենք՝ հայրենադարձութեամբ: Այդ ապագան չի կերտուիր զգացումով եւ ճառով, հայու ապագան գոյութիւն չունի ոչ Սենի ափին, ոչ Մոնաքօ, ոչ Պեվըրլի Հիլզ, ոչ Ֆլորիտա եւ ոչ ալ Պայատա:
Եւ զանգուածները պէտք չէ ոտքի քնացնել «ծագումով հայ» կամ «համաշխարհային ազգ» ըլլալու մարդորսական մոլորութիւններով:
Հարիւրամեակով մեզի հասնող ոգեշնչման գիծին վրայ, ազգային հաւաքական յանձնառութիւններու նոր սկիզբո՞վ պիտի առաջնորդուինք եւ պիտի ընթանանք մեր համագումար միլիոններով, թէ պիտի տնտեսենք համայնքներու մաշումը:
Տարի չանցած գիտակից զանգուածները որպէս իրաւատէր հաշուեկշիռ պիտի ընե՞ն, պիտի դատե՞ն, պիտի պահանջե՞ն:
Որպէսզի տեղի ունենայ վերականգնումի ներազգային իսկական յեղափոխութիւնը:
24 Օգոստոս 2017, Երեւան