ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Թագմանեց՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ
Ստորեւ՝ թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք փրոֆ. Արա Սանճեանի «Centennial Minus One» խորագիրով երկարաշունչ յօդուածը, որ հրատարակուած է EVN Report-ի Մայիս 28, 2017ի թիւին մէջ.
Մօտաւորապէս տարիէ մը, երկրագունդի չորս կողմը տարածուած շատ մը հայեր պիտի տօնեն 100ամեակը Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման, որ պատահեցաւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի վերջին ամիսներուն: Թէ որ դարուն մէջ կը տեղադրենք հայկական միջնադարեան վերջին թագաւորութեան անկումը, բայց հայերուն մեծամասնութիւնը պիտի ըսէ, որ Մայիս 28, 1918ի հռչակագիրը նշանագրեց հայութեան էութեան վերադարձը աշխահի քաղաքական քարտէսին վրայ, վեցէն ինը դարու մը բացէ մը ետք: Անոնք պիտի աւելցնեն նաեւ, որ այս հռչակագիրը խորհրդանշանն է հայ ժողովուրդի վերածնունդին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր ունեցած ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք:
2015ին, Հայաստանի կառավարութիւնը յաջողեցաւ մէկտեղելու Սփիւռքի ազդեցիկ բոլոր կազմակերպութիւնները, համաշխարհային առումով եւ տպաւորիչ կերպով նշելու հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան՝ արդի հայոց պատմութեան ամէնէն խաւար էջերէն մէկը:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու աշխատանքը սկսած էր չորս տարի առաջ: Հայաստանի նախագահը 23 Ապրիլ 2011ին նշանակեց պետական յանձնաժողով մը՝ համադրելու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բոլոր աշխատանքներն ու ձեռնարկները:
Իբրեւ հակապատկեր, կարելի է նշել այն իրողութիւնը, որ նոյն ա՛յս նախագահը, կազմեց ուրիշ յանձնաժողով մը 21 Ապրիլ 2017ին, գալ տարի՝ 2018ի Մայիսի վերջաւորութեան տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, 2018ի Մայիսի վերջաւորութեան:
Պետական այս յանձնաժողովը պիտի կազմակերպէ ձեռնարկներ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ 1918ի ճակատամարտերուն, որոնց պիտի նախագահէ երկրին վարչապետը:
Ներկայիս, այս յանձնաժողովին մէջ ներառնուած է Սփիւռքէն ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ, բացի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի ներկայացուցիչէն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Սփիւռքի կառոյցներն ալ անուղղակի կերպով պիտի մասնակցին, քանի որ կուսակցութեան Հայաստանեան կառոյցը մաս կը կազմէ երկրին Օրէնսդիր մարմնին (Ազգային ժողով), եւ ըլլալով այդպիսին, պիտի ունեանայ յանձնաժողովին մաս կազմող անդամ մը: Նախագահական հռչակագիրը, սակայն, կը նախատեսէ յաւելեալ անդամներ հրաւիրել Սփիւռքէն: Համահայկական բնոյթ ունեցող կազմակերպութիւններ, ինչպիսին են՝ Համահայկական հիմնադրամը (Armenia Fund), եւ շուտով գոյանալիք վեցերորդ Հայաստան-Սփիւռք համագումարը: Եւ վերջապէս, սփիւռքի նախարարութեան յանձնուած է համադրելու Սփիւռքի զանազան համայնքներուն մէջ նման տօնակատարութիւններ կազմելու եւ անոնց օգնելու պարտականութիւնը։
Յայտնի չէ, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը, վարագոյրի ետեւէն տեսակցութիւններ ունեցա՞ծ է Սփիւռքի զանազան խմբաւորումներու հետ, պետական հռչակագիրը յայտարարելէ առաջ:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ վերջնական տպաւորութիւնը վերոյիշեալ խմբաւորումներուն, այս պահէն սկսեալ մինչեւ 2018ի Մայիս ամիսը: Ընդունուած համաձայնութիւն մը կայ սփիւռքահայերուն մէջ, որ Սարտարապատի, Պաշ Աբարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը առանցքային դեր խաղացած են շիջումէ փրկելու նախկին Ռուսական կայսրութեան մէջ ապրող Արեւելահայ Հայաստանի հայութիւնը: Այնպիսի շիջում, որուն նմանը տեղի ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող Արեւմտահայաստանի հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութեամբ: Բայց վերոյիշեալ ճակատամարտերէն քանի մը օր ետք յայտարարուած Մայիս 28, 1918ի անկախութեան հռչակագիրը մինչեւ այսօր իսկ սփիւռքահայութիւնը բաժնուած կը պահէ…
Հայաստանի անկախ պետութեան հռչակումը կատարուած է 1918ի Մայիսին, ամէնէն աննպաստ պայմաններու մէջ: 1918ի սկիզբը, հարաւային Կովկասի տարածքը, որ այն ատեն Ռուսիոյ մաս կը կազմէր, Օսմանեան կայսրութեան յարձակման ենթարկուած էր: Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի դաշնակցային հանրապետութիւն մը կազմելու փորձը կարճ ժամանակէ մը ետք փլած էր: Վրաստանը Մայիս 26ին, եւ Ատրպէյճանը Մայիս 28ին իրենց անկախութիւնը հռչակած էին: Իսկ Մայիս 30ին, հայկական ղեկավարութիւնը Անդրկովկասի մէջ հրատարակեց յատարարութիւն մը, որ համազօր է Հայաստանի անկախութեան հռչակման:
Տասնեակ մը տարիներ հայերը մաքառած էին իրենց համար բարելաւուած եւ ինքնավար պայմաններ ստեղծելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Եւ երբեմն նոյնիսկ վերջնականապէս անջատուիլ Օսմանեան կայսրութենէն: Ընդհանրացած տեսակէտ մը դարձած էր, թէ Անդրկովկասի մէջ ապրող հայերուն կենցաղն ու պայմանները առաւել լաւ էին, քան Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերունը: Հետեւաբար, հեգնական կը թուէր 1918ի Մայիսին, երբ հայութեան մեծամասնութիւնը սպաննուած կամ վտարուած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող իր պապենական հողերէն, մինչ անդին, հայկական փոքրիկ պետականութիւն մը կը հիմնուէր ռուսական իշխանութեան տակ գտնուող հողամասի մը վրայ: Առեղծուածային էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութիւնը առաջին երկիրն էր, որ Հայաստանի նորակազմ պետութեան հետ միջազգային դաշնագիր կը ստորագրէր:
Անջատուած ըլլալով Մեծ Պատերազմի դաշնակիցներէն (Ռուսիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա), որոնց վրայ դրած էր իր յոյսերը, հայ ղեկավարութիւնը զգուշութեամբ կը շարժէր Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր դաշնակից Գերմանիոյ, Աւստրա-Հունգարիոյ երկիրներուն հանդէպ:
1918ի Յուլիսին, Եռագոյն դրօշակը ուրուագծուեցաւ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն երիզներով եւ ընդունուեցաւ իբրեւ խորհրդանիշ նորաստեղծ պետութեան: Եւ Օգոստոս 1ին, երկրին Օրէնսդիր մարմինի բացման արարողութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով Եռագոյնը ծածանեցաւ Երեւանի մէջ:
Նորաստեղծ պետութեան հեռանկարը զգալիօրէն փոխուեցաւ 1918ի Հոկտեմբերին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը Մեծ Պատերազմի իր պարտութիւնը ընդունելով, ստիպուած՝ իր զօրքերը ետ քաշեց մինչեւ նախապատերազմեան միջազգային սահմանները: Ասիկա նոր առիթ մը ստեղծեց Հայաստանի Հանրապետութեան համար ընդարձակուելու։ Լայնատարած լաւատեսութիւն մը ստեղծուեցաւ հայերուն մօտ՝ մեծագոյն Հայաստան մը հիմնելու (պարփակելով նախկին Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութիւններուն մէջ գտնուող հայաբնակ հողամասերը), որ յառաջիկայ Միջազգային խաղաղութեան վեհաժողովին կողմէ հաստատուելու կարելիութիւնը կրնար ստեղծել: Քաղաքական էութիւն ունեցող այս իրավիճակը շատերուն համար կը ներկայանար իբրեւ նախաքայլ մը՝ լայնածաւալ եւ անկախ պետութիւն մը հիմնելու համար: Անկախ պետութիւն, որուն մասին հայ ժողովուրդը երազած էր դարեր շարունակ:
Հետաքրքրական է նկատել, որ այսպիսի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, հանրապետութեան Օրէնսդիր մարմինը, 17 Յունուար 1919ին, երկրին Անկախութեան օրը իր պաշտօնական տօնական օրերու ցանկին մէջ չէ՛ անցուցած: Քուէարկուած միակ աշխարհիկ տօները եղած են նախկին Ռուսական կայսրութեան Փետրուարեան յեղափոխութեան օրը (Փետրուար 27) եւ միջազգային Բանուորական օրը (Մայիս 1): Թէեւ չորս ամիս ետք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման առաջին տարեդարձին օրը՝ 28 Մայիս, 1919ին, յատուկ հրովարտակով մը, Մայիս 28ը իբրեւ Անկախութեան օր հռչակուեցաւ: Կառավարութիւնը, այսպէսով, Հանրապետութեան Անկախութեան օրը, Հայ Ազգային խորհուրդին տարի մը առաջ տուած որոշումը գործադրելու համար, պատուիրակութիւն մը ղրկեց Պաթումի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողվուրդին անունով Օսմանեան կայսրութեան հետ Խաղաղութեան համաձայնագիրը վերջնականացնելու համար: Կառավարութիւնը նոյն այս անկախութեան տարեդարձին օրը յայտարարեց «Միացեալ Հայաստան»ի հռչակումը:
Մայիս 28ը մեծ շուքով տօնուեցաւ 1920ին: Շատ հաւանական է, որ այս տարեդարձին օրը տարեկան հանրային տօն մը դառնար, եթէ Հայաստանի Ազգային խորհրդարանը (ներկայիս՝ Հայաստանի Ազգային ժողովը-Յ. Մ.) առիթը ունենար բարեփոխելու հանրապետութեան տօնական օրերու ցանկը:
Նորակազմ երկրին խորհրդանշաններէն մէկն ալ՝ «Մեր Հայրենիք» երգն էր, որ 1919ին ընդունուեցաւ իբրեւ երկրին օրհներգը: Երկար ժամանակ այս երգը կաղապարուած էր իբրեւ քայլերգ Օսմանեան կայսրութեան կեղեքումներու դէմ պայքարող զանազան հայ խումբերու կողմէ: Եւ վերջապէս, 1920ի Յուլիսին, Հայաստանի կառավարութիւնը վաւերացուց երկրին նոր զինանշանը:
Այս նոր խորհրդանշանները, մասնաւորաբար Եռագոյն դրօշն ու զինանշանը, առժամեայ նկատուած էին, միչեւ որ նախկին Օսմանեան եւ Ռուսական տարածքներուն մէջ եղող հայկական հողամասերուն նախատեսուած միացումը Հայաստանին, եւ՝ Ընտրողական ժողովին կողմէ միացեալ այս պետութեան հիմնական կանոններուն ստեղծումը: Իրապէս, զանազան առաջարկներ եղան եւ հրատարակուեցան հայկական մամուլին մէջ ազգային միացեալ Հայաստանի ապագայի դրօշակին մասին: Բայց կարճատեւ անկախ հանրապետութեան որդեգրած այս ենթադրեալ առժամեայ խորհրդանշանները, մասնաւորաբար Եռագոյն դրօշը, շուտով տարածուեցան Սփիւռքի գաղութներուն մէջ:
Բայց այս խորհրդանշաններուն վիճակը ենթարկուեցաւ հիմնական փոփոխութիւններու թուրք ազգայնականներուն Հայաստանի վրայ յարձակումով, Միացեալ Հայաստան մը ունենալու երազին փլուզումով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումով, 1920ի վերջաւորութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, (ճանչցուած նաեւ իբր Դաշնակ կուսակցութիւն), որ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական գլխաւոր ուժը դարձած էր, կը ստիպուէր աքսորի ճամբան բռնելու:
Յաջորդող եօթը տասնամեակներուն, Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ զինք փոխարինող Երեւանի համայնավար ղեկավարութեան դէմ: Այս յարատեւ հակառակութիւնը, 70 տարի շարունակ, լուրջ ազդեցութիւն ունեցաւ 1918-1920ի հանրապետութեան ունեցած խորհրդանշաններուն վրայ:
Համայնավարները, թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ Երեւանի մէջ, Դաշնակցութիւնը ներկայացուցին իբրեւ իրենց քաղաքական եւ գաղափարական գլխաւոր հակառակորդը հայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար, ամէն ճիգ թափեցին, որ Դաշնակցութեան դերը արդի մեր պատմութեան մէջ, միշտ բացասական կերպով ներկայացուի:
Համայնավարներուն այս հակադաշնակցական քարոզչութիւնը այնքան խորացաւ, որ «անկախութիւն» կամ «հանրապետութիւն» բառերուն գործածութիւնն իսկ արգիլուած էր, երբ կը խօսուէր 1918-1920 շրջանին մասին:
Խորհրդային շրջանի պատմաբանները գրեցին, որ այդ 30 ամիսները պարզապէս Դաշնակցութեան տիրապետած շրջանն էին, երբ այդ կուսակցութիւնը, պահպանելով շահերը յետադիմական եւ քաղքենի հայերուն՝ հարստահարման ենթարկեց այն հայ բանուորներն ու գիւղացիները, որոնք կը փափաքէին տեսնել խորհրդային կարգերու հաստատումը երկրին մէջ, քանի որ, ըստ խորհրդային շրջանի այս մեկնաբանութեան, 1918-1920 թուականներուն գոյութիւն ունեցող Հայաստանը յարմար հանրապետութիւն մը չէ՛ր: Արտօնուած չէր յիշել անոր խորհրդանշանները (Եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»ը- Յ.Մ.): Արտօնուած չէ՛ր նաեւ անկախութեան գաղափարը կապել Մայիս 28ին հետ:
Դաշնակցութիւնն ալ, իր կարգին, շարունակաբար հարցական դարձուց խորհրդային իշխանութեան օրինականութիւնը Արեւելեան Հայաստանին մէջ, եւ կառչած մնաց իր «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի քաղաքական նպատակակէտին վրայ, որ բանաձեւուած էր 1919ին: Այս նպատակը Դաշնակցութիւնը թշնամի դարձուց թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թէ Խորհրդային Միութեան:
Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն առաջ, Դաշնակցութիւնը ճանչցուած էր իբրեւ գործունեայ կազմակերպութիւն թէ՛ արեւելահայ եւ թէ արեւմտահայ մեր ժողովուրդին մէջ: Կուսակցութեան արեւմտահայ ղեկավարութեան շատ մը անդամները զոհ դարձած էին Ցեղասպանութեան: Իսկ անոր արեւելահայ ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը, որ հանրապետութեան կարճատեւ անկախութեան շրջանին, կառավարութեան գլխաւոր պաշտօնները գրաւած էր, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ստիպուած եղաւ ապաստան գտնելու արտերկրի մէջ:
Այս ղեկավարութիւնը մեր նոր ստեղծուած եւ անկազմակերպ Սփիւռքի մէջ (որուն մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութենէն ազատած մեր ժողովուրդն էր) ղեկավարութեան պակասը անմիջապէս լրացուց:
Երեսուն ամիսներուն վրայ տարածուող Հայաստանի անկախութեան պատմութիւնը գաղափարականացնելով՝ արեւելահայ այս ղեկավարութիւնը իր աքսորեալ դիրքերէն համայնավարութեան դէմ գաղափարական պատերազմ մը սկսաւ մղելու՝ ապահովելով աջակցութիւնը արեւմտահայ այս մասսաներուն, պայքարը շարունակելու համար: Անկախութեան կարճատեւ այդ շրջանի պատմութիւնը փառաւորող յուշագրութիւններ լոյս տեսան նախկին վաչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի եւ Սիմոն Վրացեանի, նախկին պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ ուրիշներու կողմէ:
Անոնք, որոնք ընդունեցին կամ մեծցան այս պատմագրութեան ազդեցութեան տակ, 1918-1920ի հանրապետութեան խորհրդանշանները անոնց համար մնացին իբրեւ յիշեցման աղբիւր յուսալից անցեալի մը, զոր համայնավարները բրտօրէն խլած եւ փոխարինած էին մեր ներկայի պակասաւոր կացութեամբ: Նաեւ այդ խորհրդանշանները սրափող կոչ մը դարձան շարունակական եւ համապարփակ պայքար մը մղելու Երեւանի համայնավար համակարգին դէմ, վերադարձնելու եւ վերակենդանացնելու շորթուած մեր անցեալը:
Սակայն Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած Սփիւռքի բոլոր խմբաւորումները չիւրացուցին Դաշնակցութեան ներկայացուցած քաղաքական ծրագիրն ու 1918-1920ի մասին տրուած պատմական մանրամասնութիւնները: Սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան կը հակառակէր թոյլ՝ բայց անկաշկանդ համախոհ խմբակցութիւն (coalition) մը Սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու անդամներէ բաղկացած, ինչպիսին են Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները, յայտնապէս ոչ-կուսակցական Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ տեղական բնոյթ ունեցող փոքր այլ կազմակերպութիւններ: Բոլոր այս հատուածներն ու անոնց անդամները ընդունեցին Արեւելեան Հայաստանի մէջ հաստատուած վարչակարգն ու իրականութիւնը: Համայնավարական գաղափարախօսութեան եւ նպատակներուն հանդէպ անոնք թէեւ բոլորովին տարբեր ըմբռնումներ ունէին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը առարկեց օրինաւորութիւնը վարչակարգին, եւ բոլորն ալ պատրաստ էին գործակցելու խորհրդային իշխանութեան հետ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու համար, պայմանաւ որ անոնք ընդունելի ըլլային Քրեմլինի ղեկավարութեան:
Սփիռքի այս «համախոհական» խմբակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանը կը դիտէր լաւատես ակնոցով եւ պատրաստ էր տօնելու Երեւանի համայնավար իշխանութեան կողմէ հրապարակուած բոլոր ընկերային եւ մշակութային յաջողութիւնները: Հետեւաբար, այսպիսի մօտեցումով, Հայաստանի համայնավար վարչակարգը կը փորձէր նուազեցնել Դաշնակցութեան ղեկավարութեան կողմէ ժողովուրդին մէջ տարածած 1918-1920ի հանրապետութեան ազգային եւ գաղափարական նուաճումները: Այս խմբակցութիւնը անընդունելի կը գտնէր, երբ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարախօսութիւնը կը կապէր 1918-1920ի հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հետ: Նաեւ՝ անիկա ոչ մէկ պատճառ ունէր դրժելու Խորհրդային Հայաստանի նոր խորհրդանշանները, թէեւ, ընդհանրապէս, զգոյշ էր, որ հրապարակային ցուցադրրութիւններ չըլլան, որ այս խմբակցութիւնը չմեղադրուի իբր համայնավարներու համակիր խմբաւորում: Այսպիսով, անոնք 1918-1920ի հանրապետութեան խորհրդանշանները (Եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք» օրհներգը-Յ. Մ.) կը նկատէին իբրեւ պատմական արժէքաւոր մասունքներ, բայց չէին ախորժեր երբ Դաշնակցութիւնը զանոնք կը ցուցադրէր հանրային հանդիսութիւններու ընթացքին:
Համախոհական այս խմբակին պատկանող գործունեայ անդամներէն մէկը, առանձնաբար ինծի կը յայտնէր 1980ական թուականներուն, երբ ես դեռ պատանի էի, թէ այդ բոլորը կը ներկայացնէին «խորհրդապատկեր մը, որ կը մերժէր Հայաստանի ներկայ իրականութիւնը»: Այս պատճառով, այդ խմբակին համար, հանրային հանդիսութիւններու ընթացքին 1918-1920ի հանրապետութեան խորհրդանշանները մի՛շտ անտեսուած եւ դուրս ձգուած էին, եւ Մայիս 28ի պատմական տարեդարձը յիշող ո՛չ մէկ տօնակատարութիւն տեղի ունեցած էր:
Այս ձեւով, Մայիս 28ի տարեկան տօնակատարութիւնները Սփիւռքի զանազան համայնքներու մէջ, միայն Դաշնակցութեան եւ անոր համակիր հատուածին կողմէ նշուած են: Իսկ հանրապետութեան խորհրդանշաններուն ցուցադրութիւնը հանրային եւ ազգային միջոցառումներու ընթացքին պատճառ դարձաւ վիճաբանութիւններու, հակաճառութիւններու եւ նոյնիսկ կռիւներու: Ծայրայեղ մէկ պարագային, երբ Ղեւոնդ արք. Դուրեան Յուլիս 1, 1931ին Շիքակոյի մէջ, Հայկական օրուան նուիրուած տօնակատարութեան առթիւ, իր աղօթքը չսկսած, ան խնդրած էր, որ նախ՝ բեմին վրայ զետեղուած Եռագոյն դրօշը վերցուի բեմէն: Արարք մը, որ նոյն տարուան Սեպտեմբեր 1ին փութացուց վերջնական պառակտումը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ամերիկայի առաջնորդութեան Դաշնակցութեան թեր ու դէմ եղող անդամներուն միջեւ, եւ հաւանաբար, պատճառ դարձաւ Դուրեան արքեպիսկոսի սպանութեան, Դեկտեմբեր 24, 1933ին:
Հակամարտական վերաբերմունքները աւելի սուր վիճակ մը ստացան, մասնաւորաբար երբ Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան օրինականութեան հարցը կ՛արծարծուէր: Հարց մը, որ Սփիւռքի մէջ ստեղծեց քաղաքական բաժանում, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1960ական թուականներուն սկիզբը: Անկէ ետք, մինչ Ցեղասպանութեան 50ամեակը կը մօտենար, համաշխարհային Պաղ պատերազմը արդէն դանդաղօրէն կը մօտենար dեtenteին, հաւանաբար 1962ի Քուպայի վտանգաւոր հրթիռային ճգնաժամին պատճառով:
Պաղ պատերազմի ընկերվարութեան եւ ամերիկայացման հակամարտական գաղափարախօսութիւնները սկսած էին համաշխարհային նոր կրօնական եւ ցեղապաշտական հիմեր ունեցող ընդդիմութեան մը: Այսպիսի պայմաններուն մէջ Հայկական Սփիւռքը ականատես դարձաւ իր երեք կուսակցութիւններուն՝ ՀՅ Դաշնակցութեան, ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան յառաջացուցած «Վերնախաւի համաձայնութիւն»ը (elite settlement): Կարճ ժամանակի մը մէջ, այս երեք կուսակցութիւնները որոշեցին տասնամեակներ երկարող իրենց միջեւ եղած բուռն հակառակութիւնները դադրեցնել եւ անոր փոխարէն իրենց կենսուժը ուղել յատկապէս Թուրքիոյ վրայ, Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր հատուցումը պահանջելով:
Կ՛ենթադրուի, թէ սերնդափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ 1918-1920ի հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավար սերունդին եւ Ցեղասպանութենէն փրկուած Միջին Արեւելքի զանազան համայնքներուն մէջ հաստատուած եւ Դաշնակցութեան գաղափարականութեամբ սնած արեւմտահայ նոր սերունդին միջեւ: Այս սերնդափոխութիւնը թերեւս մեծ դեր ունեցաւ Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւններուն որոշման գործին մէջ: 1965ին, Պէյրութի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, հայ քաղաքական ուժերուն միացեալ յիշատակութեան ձեռնարկ մը կազմակեպելը յստակ մատնանշում մըն է Սփիւռքի քաղաքական մարզին մէջ տեղի ունեցած կոթողային փոփոխութեան: Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններուն մասնակցութիւնը ապահովելու համար, 50ամեակի միացեալ յիշատակութիւններու արարողութիւններուն ընթացքին, Դաշնակցութիւնը նոյնիսկ ընդունեց վերոյիշեալ երկու կուսակցութիւններուն դրած Եռագոյնը չպարզելու պայմանը:
Քանի մը տարի առաջ, դաշնակցական ղեկավար մը, անձնական եւ մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին, յիշեց հեգնական դէպք մը ջերմեռանդ եւ երկարամեայ դաշնակցականի մը մասին, որ տակնուվրայ դարձած էր իր ղեկավարութեան տուած այս որոշման եւ ըրած զիջումին պատճառով: Ան, արհամարհելով իր ղեկավարութեան որոշումը՝ ի՛ր Եռագոյնը պարզելով ներկայ կը գտնուի Ցեղասպանութեան յիսնամեակի յուշատօնին: Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը վտարեց այդ ընկերը իր շարքերէն, տրուած հրահանգին չենթարկուելուն համար: «Ամէնէն արտառոց որոշում մըն էր մեր տալիքը…», եզրակացուց իմ տրամախօս խօսակիցը, «բայց, կուսակցութեան կարգապահութիւնը պէտք է յարգուէր…»։
Այսուհանդերձ, անհամաձայնութիւնները շարունակուեցան, թէեւ աւելի նուազ կծուութեամբ, Սփիւռքի քաղաքական հատուածներուն միջեւ, նոյնիսկ այդ «Վերնախաւի համաձայնութենէն» ետք, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ խորհրդային վարչակարգին հետ: Այս շրջանին Դաշնակցութեան դէմ եղող սովետական պաշտօնական հռետորութինը թէեւ նուազած էր, բայց չէ՛ր փոխուած: Եւ այս բարեփոխութիւնը քաջալերեց, որ համեմատաբար աւելի հանդարտ միջավայր մը ստեղծուի Սփիւռքի մէջ:
Այսուհանդերձ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ խորհրդային վարչակարգի գոյութեան օրինաւորութեան հարցը մեծագոյն արգելք մը կը հանդիսանար Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններուն քաղաքական ընդհանուր կեցուածք մը որդեգրելու համար: Քաղաքական կեցուածք մը, որ պիտի բնորոշէր, թէ ինչ պիտի ըլլայ Արեւմտահայաստանի միջազգային օրինական եւ վաւերական վիճակը Թուրքիայէն ազատագրուելու պարագային: Հետեւաբար, երկու մրցակից կողմերուն մտաւորականութիւնը, թէեւ նուազ դառնութեամբ, շարունակեց իր «միւս պատերազմ»ը՝ 1918-1920ի Հանրապետութեան պատմագրութեան մասին:
1960ական թուականներու «Վեր-նախաւի համաձայնութիւնը» վճռականապէս դատապարտեց քաղաքական այն բռնութիւնը, որ վերջին շրջաններուն տիրած էր Սփիւռքի մէջ: Անիկա վերահաստատեց նաեւ, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն ազգային միասնական ոգիով գործակցիլը գործելակերպի իտէալ ձեւն է: Այսուհանդերձ, անիկա չկրցաւ հայ ժողվուրդի արդի եւ նոր պատմութեան ըմբռնումին եւ հասկացողութեան մասին ընդհանուր եւ ընդունելի եզրակացութեան մը յանգիլ: Յաւելեալ վիճաբանութիւններէ խուսափելու համար, երբ «Վերնախաւի համաձայնութիւնը» դեռ թարմ էր եւ անստոյգ, երկու կողմերն ալ արգիլեցին անցեալի ներկուսակցական մրցակցութեան մասին հանրային որեւէ մէկ քննութիւն կատարելը, եւ զգուշացուցին իրենց համակիրները, որ նման վիճաբանութիւններ կրնան հին վէրքերը վերստին բանալ եւ վերյիշեցնել անցեալի լարուածութիւնները:
Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, երբ դեռ համալսարանի ուսանող էր, 1960ական թուականներուն սկսաւ 1917-1920ի շրջանին նուիրուած հինգ հատորներէ բաղկացած կոթողական իր ուսումնասիրութեան, երբ այս «Վերնախաւի համաձայնութիւնը» սկսած էր մարմնաւորուելու Սփիւռքի տարածքին: Ուսումնասիրութեան հինգերորդ հատորը, որ յայտնապէս պիտի դառնար իր գլուխ գործոցը, լոյս տեսաւ երեք տասնամեակ ետք՝ 1996ին: Սակայն հանրային դասախօսութեան մը ընթացքին Մեսեչուսեց նահանգի Պելմոնթ քաղաքին մէջ, Դեկտեմբեր 3, 2015ին, Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ իր երկարամեայ ակադեմական կեանքին ընթացքին, միայն քանի մը անգամ հրաւիրուած է հանրութեան առջեւ 1918-1920ի Հանրապետութեան մասին խօսելու: Բաղդատաբար, նոյն այդ շրջանին, ան հարիւրաւոր հրաւէրներ ստացած է խօսելու Հայոց Ցեղասպանութեան բազմակողմանի երեւոյթներ ունեցող նիւթին շուրջ: Այս տարբերութեան բացատրութիւնը դիւրացնելու համար կ՛արժէ հետեւիլ մեր այս յօդուածին մէջ առաջարկուած օրինակին, որ հետեւեալն է. 1960ական թուականներու «Վերնախաւի համաձայնութեան» յաջորդող շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Սփիւռքի բոլոր հայութիւնը միացնող նիւթ մը դարձած է: Պէտք է քաջալերել, որ նման ցանկալի միութեան մը գաղափարը աւելի խորանայ սփիւռքահայութեան մէջ: Բայց համաձայնութիւն մը դեռ չէ գոյացած նոյն այս Սփիւռքին մէջ, թէ ինչպէս պէտք է դիտել եւ գնահատել 1918-1920ի հանրապետութիւնը: Հետեւաբար, նախընտրելի է խուսափիլ այս ու նման հակադարձ հարցեր հանրային քննութեան ենթարկելէ, հաւանական որդնալից սափոր մը չբանալու համար:
«Վերնախաւի համաձայնութեան» համար գժտութեան հարց կը դառնար նաեւ սփիւռքեան պատմագրութեան հերոսներու եւ դէպքերու «անձնականացման» (privatization) հարցը: Օրինակի համար, Քրիստափոր Միքայէլեան, Պանք Օթօմանի գրաւումը, Խանասորի Արշաւանքը եւ Նիկոլ Աղբալեանը հիմա կ՛արծարծուին հրապարակային ձեռնարկներու մէջ միայն դաշնակցականներու կողմէ: Իսկ Աւետիս Նազարպէկը, Փարամազը եւ Քում Քափուի եւ Պապ Էլ Ալիի ցոյցերը՝ հնչակեաններուն կողմէ: Կարտինալ Աղաճանեան՝ հայ Կաթոլիկներու կողմէ, եւ այլն…
Սփիւռքի մրցակից հատուածները դադրեցան մէկը միւսին հրապարակաւ առարկելէ՝ «միւս կողմ»ին հերոսներուն կամ պատմական դրուագներուն մասին գրուած կամ ըսուածներուն մասին, երբ նոյնիսկ իրենք կասկածով կը մօտենային այդ ըսուածներուն: Պատմական վերլուծումը տօնակատարութիւնը եւ խորհրդանշումը Մայիս 28ին դարձաւ այսպիսի «անձնականացուած» (privatized) նիւթերէն մէկը Սփիւռքի դաշնակցականամիտ շրջանակներուն մէջ: Այս դասին պատկանող, ուրիշ նիւթերու կողքին, Մայիս 28ը իրականապէս դարձաւ «արգիլուած տարածք» մը բոլորին՝ բացի իր «տիրոջմէն». այսինքն Դաշնակցութենէն եւ անոր համակիրներէն:
Հակառակ բոլոր թափուած ճիգերուն, հանրային կեանքին մէջ կային հարցեր, որոնց մասին կարելի չէր եղած համաձայնութիւն մը յառաջացնել: Այս «չլուծուած» հարցերը, որոնք անխուսափելիօրէն մէջտեղ կու գային, մրցակից կողմերը լուծում մը գտնելէ աւելի կը ջանային զսպել զանոնք: Քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անմիջական ազդեցութեան տակ չեղող հայկական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները, այսինքն՝ անոնք, որոնք մեծ ճիգերով կը փորձէին քաղաքական չէզոք դիրք մը որդեգրել, շարունա՛կ, եւ զգուշութեամբ պէտք էր փորձէին այս կամ այն մրցակցող հատուածին չհակառակիլ: Պէյրութի Հայկազեան քոլեճը (համալսարանը՝ 1996էն սկսեալ), ուր ես կը պաշտօնավարէի 1995էն սկսեալ մինչեւ 2005 թուականը, այսպիսի տեղերէն մէկն էր:
1970ի կիսամեայէն սկսեալ քոլեճը լուծում մը գտաւ վիճելի խնդիրի մը մասին: Խնդիրը հետեւեալն էր. Մայիս 28ը պէտք է տօնուի իբրեւ հանրային տօն Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ: Ասիկա դաշնակցականներուն կողմէ դրուած պահանջ մըն էր, որուն բուռն կերպով կը հակառակէին անոնց հնչակեան ու ռամկավար մրցակիցները: Քոլեճին յաջորդական տեղեկատուական գրքոյկները 1970ական թուականներու կէսէն սկսեալ, շեշտեցին, որ քոլեճը փակ պիտի մնայ Մայիս 28ի օրը, որովհետեւ ատիկա հաստատութեան «Դաշտագնացութեան օր (Հայկական Անկախութեան օր, է Field Trip Day Armenian Independence Day): Քաղաքական վերարձագանգ չստեղծելու համար, այդ օրը քաղաքական տօնակատարութեան օր մը դարձնելու փոխարէն հանգիստ գործունէութեան օրի մը վերածուեցաւ: Այսուհանդերձ, նոյնիսկ այս հանճարեղ զիջումէն ետք, վերստին խնդիրներ ծագեցան որոշ տարեդարձներու ընթացքին:
Ժիրայր Պէօճէքեան, Հայկազեան քոլեճի այդ շրջանի դաշնակցական ուսանող մը, նկարագրած է նման երկու պատահարներ, որոնց ինք անձնապէս մասնակցած է այլ դաշնակցական եւ հնչակեան դասընկերներու հետ 1980-1981 տարեշրջանին ընթացքին: Առաջին՝ դաշնակցական ուսանողները կ՛ընդդիմանան հնչակեան ուսանողներու այն նախաձեռնութեան, որ կ՛առաջարկէր առկախել քոլեճի դասընթացքները Հայաստանի խորհրդայնացման տարեդարձին օրը (Նոյեմբեր 29): Քանի մը ամիս ետք, հնչակեանները կ՛առարկեն իրաւունքը դաշնակցական ուսանողներուն Մայիս 28ի առիթով երդիքներուն վրայ Եռագոյն դրօշը բարձրացնելու ու ճաշի ատեն Մայիս 28ի տարեդարձը յատուկ յայտագիրով մը նշելու:
1988ի Փետրուարին, Խորհրդային Հայաստանի մէջ հոծ բազմութեամբ կատարուած ցոյցը չսպառնաց Սփիւռքի մէջ հաստատուած «Վերնախաւի համաձայնութեան»: Այդ շրջանին Դաշնակցութիւնը բուռն կերպով չէր պնդեր, որ Արեւելեան Հայաստանը անմիջապէս անջատուի Խորհրդային Միութենէն: Հետեւաբար, անիկա հակառակ չէր «Վերնախաւի համաձայնութեան» որդեգրած ոգիին, որ միացեալ պահանջ մը ներկայացուի Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու եւ Ատրպէյճանին Սումկայթի մէջ կատարած ջարդերը ուժգնօրէն դատապարտելու համար:
Քրեմլինի անհաշտութիւնը դիմագրաւելով, Ղարաբաղի շարժումը Երեւանի մէջ աստիճանաբար աւելի անկախ դարձաւ, եւ այս աստիճանական փոփոխութիւնը խոր հետաքրքրութիւն ստեղծեց, քաղաքականացուց Հայաստանի բնակչութիւնը եւ խոր հետաքրքրութիւն ստեղծեց 1918-1920ի հանրապետութեան պատմութեան եւ անոր խորհրդանշաններուն նկատմամբ: Այս հետաքրքրութիւնը կը համաձայնէր սովետ ղեկավար Միքայէլ Կորպաչովի այն կոչին, որով ան կը մղէր, որ մարդիկ ուսումնասիրեն իրենց պատմութեան «սեւ էջերը», նիւթեր՝ որոնք նախապէս, սովետական շրջանի պատմաբանները ստիպուած էին հերքելու:
Մայիս 28ի տարեդաձը առաջին անգամ նշուեցաւ Երեւանի մէջ, 1988ին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կցումը պահանջող համախմբումներու ատեն: 1918-1920ի հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը Երեւանի թատրոնի հրապարակին (հիմա՝ գրադարան) վրայ բարձրացնողը Մովսէս Կորկիսեանը եղած է: Ան անդամ եղած է Ղարաբաղի շարժման ճիւղերէն մէկ խմբակցութեան եւ Ղարաբաղ կոմիտէին:
Սակայն, երբ յստակ դարձաւ, որ Քրեմլինի ղեկավարութիւնը յամառօրէն կ՛ընդդիմանար ներքին սահմանային փոփոխութիւն կատարելու Խորհրդային Միութեան մէջ, Հայաստանի անկախութեան պահանջն ու հանրային հաւաքներու ընթացքին Եռագոյն դրօշը բարձրացնելը սովորական երեւոյթներ դարձան 1988ի ամրան եւ աշնան:
Անկէ ետք, Երեւանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն 1989ի Մայիսին, իր կեցուածքը մեղմացնելով, դիմեց Մարքսիզմ-Լենինիզմ ինստիտուտի կուսակցութեան պատմութեան Հայկական բաժինին, Խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան ակադեմիոյ եւ Երեւանի Պետական համալսարանին, որ միասնաբար, 26 Մայիս 1989ին, գիտաժողով մը կազմակերպեն, նուիրուած 1918-1920ի Առաջին Հանրապետութեան: Հապճեպ կերպով կազմակերպուած այս հաւաքոյթը պաշտօնապէս առաջարկեց Սովետական Գերագոյն Սովետի Հանրապետական նախագահութեան, որ Մայիս 28ը հռչակէ Հայկական պետականութեան վերականգման օր եւ Եռագոյն դրօշը նշանակէ իբրեւ հայկական ազգային խորհրդանշան: Այս յանձնարարութիւնները անմիջապէս վաւերացուեցան եւ Համայնավար կուսակցութեան թերթերը՝ «Խորհրդային Հայաստան»ը, «Երեկոյեան Երեւան»ը, «Աւանկարտ»ը եւ ուրիշներ, երկարաշունչ յօդուածներ հրատարակեցին 1918-1920ի հանրապետութեան պատմութեան նուիրուած, իրենց Մայիս 26էն Մայիս 28, 1989 երկարող թիւերուն մէջ: Նոյնիսկ Մոսկուայի «Փրաւտա» թերթը իր Մայիս 29ի թիւին մէջ լրատուական կարճ յօդուած մը ունէր Երեւանի մէջ նախկին օրուան կատարուած հանդիսատօներուն մասին:
Այսպիսով, մէկ տարիէն աւելի, Խորհրդային Հայաստանը ունեցաւ պաշտօնական պետական դրօշակ մը եւ Եռագոյն դրօշակը իբրեւ անջատ ազգային խորհրդանշան: Տարի մը ետք վերջ տրուեցաւ այս երկուութեան, երբ Համայնավար կուսակցութիւնը փոքրամասնութիւն դարձաւ Հայաստանի Օրէնսդիր մարմինին մէջ, Օգոստոս 1990ին: Գերագոյն Սովետի բարեկարգիչ նոր մեծամասնութիւնը ջնջեց սովետական շրջանի դրօշը եւ վերահաստատեց Եռագոյնը իբրեւ պետական դրօշ, Օգոստոս 24, 1990ին, եօթը տասնամեակ երկարող խրամատէ մը ետք:
Հանրապետութեան միւս խորհրդանշաններուն վերընտրութեան գործընթացը քանի մը տարի եւս շարունակուեցաւ, մինչ Հայաստանը կը հետապնդէր գերիշխանութիւնը, քաղաքական անկախութիւնը եւ ի վերջոյ միջազգային ճանաչումը: «Մեր հայրենիք»ը վերահաստատուեցաւ իբրեւ ազգային օրհներգ 1 Յուլիս 1991ին: Իսկ հին զինանշանը վերակենդանացուեցաւ Սեպտեմբեր 21, 1991ի հանրաքուէէն անմիջապէս ետք:
Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան տօնական օրերու ցանկը կը պարունակէ երկուքն ալ՝ Մայիս 28ը (նշելու համար 1918ի անկախութիւնը) եւ Սեպտեմբեր 21ը (տօնելու 1991ի անկախութեան հանրաքուէն): Եռագոյն դրօշը, «Մեր հայրենիք»ը եւ վերահաստատուած զինանշանը ջերմօրէն եւ ջախջախիչ կերպով ընդունուեցան երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան, եթէ ոչ բոլորին կողմէ: Քիչեր միայն, ինչպիսիք են հատնող Համայնավար կուսակցութեան տարեց անդամները, որոնք կը շարունակեն բարձրացնել խորհրդանշանները Խորհրդային Հայաստանի:
Կացութիւնը քիչ մը տարբեր է Սփիւռքի մէջ, եւ ասոր պատճառով էր, որ հարց մը դրուեցաւ այս յօդուածին սկիզբը: Հարց մը, որ կը վերաբերի 100ամեակին առիթով գրուած նախագահական հրովարտակին:
Հրովարտակ մը, որ կ՛արծարծէ յաջորդ տարուան ընթացքին Մայիս 28ին նուիրուած ու ծրագրուած տօնակատարութիւններուն մանրամասնութիւնները: Հմայիչ եւ հետաքրքրական հարց կը դառնայ, թէ այս հրովարտակը ինչպիսի պատասխան մը պիտի ստանայ Սփիւռքէն: 1989ին, Խորհրդային Հայաստանի վարչակարգին հեռացումը երկրէն, եւ Մայիս 28ի տարեդարձն ու խորհրդանշաններուն վերահաստատումը երկրին մէջ ջատագովութիւն մըն էր Սփիւռքին մէջ գործող Դաշնակցութեան, որ 70 տարի շարունակ պայքարած էր նոյն այդ արդիւնքները իրականացած տեսնելու համար: Ասիկա փաստ մըն էր, որ այդքան տարի, իրենք ճիշդ էին…
Այսօր, անոնք հպարտ են, որ յետսովետական եւ ներկայի անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ պատուել Մայիս 28, 1918ի անկախութեան յայտարարութիւնը եւ կը պահէ մասնաւորաբար ա՛յս դրօշակը, ա՛յս օրհներգը եւ ա՛յս զինանշանը:
Սակայն հակադաշնակցական «համախոհներու» խումբին համար ասիկա կուլ տալիք բաւական կծու պատառ մըն էր: Ամիսներ տեւեց մինչեւ որ անոնց ղեկավարութիւնը ընտելացաւ ստեղծուած նոր իրականութեան հետ, որ անկէ ետք կարենայ բացատրել իր հետեւորդներուն, թէ Խորհրդային Հայաստանի այս անակնկալ հետաքրքրութիւնը 1918-1920ի հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հանդէպ պարտութիւն մը չէր 70 տարուան մղած իրենց գաղափարական պայքարին, եւ Հայաստանը պիտի չգրաւուէր իրենց մրցակից ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ:
Աւելին՝ իրենք տակաւին սիրալիր կերպով պիտի ընդունուէին 1918-1920ի հանրապետութեան պետական վերակենդանացուած խորհրդանշանները ունեցող Հայաստանի մէջ:
Այսօր, Մեծագոյն Տիթրոյթի շրջանին մէջ, ուր ես կը բնակիմ 2006էն ի վեր, Հայկական Եռագոյն դրօշը կը ծածանի Միացեալ Նահանգներու դրօշի կողքին, ՀԲԸՄի Ալեք եւ Մերի Մանուկեան դպրոցին առջեւ: Նոյնն է պարագան Ալեք Մանուկեանին հիմնած նշանաւոր եւ յաջող «ՄԱՍՔՕ» ընկերութեան կեդրոնատեղիին առջեւ: Ընկերութիւն մը, որ ներկայիս կը ղեկավարուի Ա. Մանուկեանի զաւակին՝ Ռիչըրտին կողմէ:
Նման իրավիճակի մը ականատես ըլլալը աներեւակայելի պիտի թուէր 1989էն առաջ: Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, սովետական շրջանի հակադաշնակցական «համախոհ» կազմակերպութիւններուն անդամները, հիմա, երբ «Մեր հայրենիք»ը կ՛երգուի կամ կը նուագուի իբրեւ ազգային օրհներգ, բոլորն ալ յարգանքով ոտքի կ՛ելլեն: Հազուագիւտ է, բայց ոչ անսովոր, տեսնել Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կախուած իրենց կարգ մը սրահներու պատերէն: «Համախոհ» կազմակերպութիւններու անդամները կ՛արդարացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն հանդէպ իրենց բռնած նախկին դրժական կեցուածքը, ըսելով՝ հայրենիքի սէրը պայմանաւորուած չէ մասնաւոր խորհրդանշաններով: Անոնք կը սիրեն եւ կը քաջալերեն հայկական պետութիւնը, անկախ անոր ունեցած դրօշակէն, օրհներգէն եւ զինանշանէն: Բացառելով դաշնակցական խմբակցութիւնը, այսպիսի մտածելակերպ ունեցող հայ խմբաւորումներէ ընդդիմութիւն պէտք չէ ակնկալել, մասնաւորաբար երբ Հայաստանի մէջ ենթադրական կացութիւն մը կը ստեղծուի եւ սահմանադրական մեքենականութեան գործի դրուիլը անհրաժեշտութիւն կը դառնայ:
Հոգ չէ թէ ինչպիսի արդարացում կը ներկայացուի Սփիւռքի հակառակորդ հատուածներուն կողմէ, պէտք է ընդունիլ, որ կացութիւնը կլոր եւ լրիւ շրջան մը լրացուցած է, մասնաւորաբար երբ կը խօսինք Եռագոյն դրօշին, «Մեր հայրենիք»ին եւ զինանշանին մասին: Հիմա, այս բոլորն ալ դարձած են յարգուած խորհրդանշաններ, որոնք բաժնելու փոխարէն կը միացնեն Սփիւռքը: Եւ ամէն տարի, Ապրիլ 24ի ձեռնարկներուն, Եռագոյնին առատութիւնը կը նշմարուի ամէն կողմ, եւ քաղաքական տարբեր համոզում ունեցող հայեր միասի՜ն կը քալեն:
Բայց դժբախտաբար, Մայիս 28ի տարեդարձի տօնակատարութիւնը մնացած է իբրեւ խոչընդոտ ներկայի համաձայնութեան մէջ:
Հայկազեան համալսարանի 2007-2009ի տեղեկագրական գրքոյկին մէջ, «Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութիւնը»ին մասին բացատրութիւն մը աւելցուած է եւ Մայիս 28ը նաեւ իբր «Դաշտագնացութեան օր» անուանումը (Field Trip Day) ջնջուած է 2012-2014ի գրքոյկէն: Կ՛ենթադրենք, որ համալսարանին բարձրաստիճան խնամակալութիւնը այս փոփոխութիւնները կատարեց վստահ ըլլալով, որ Լիբանանի հայ համայնքին հակադաշնակցական հատուածը այլեւս պիտի չմեղադրէ զիրենք իբրեւ միակողմանի խնամակալութիւն: Դժուար պիտի ըլլայ նախկին հակադաշնակցական «համախոհական» խմբակի անդամներուն համար ջնջել «Մայիս 28ը – Անկախութեան օր» տօնը համալսարանի մը ակադեմական օրացոյցէն կամ որեւէ ուրիշ ցանկէ, հիմա որ Մայիս 28ը ճանչցուած է իբրեւ պաշտօնական տօնական օր նոյն ինքն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, եւ մեկնաբանութեան հարց չի կրնար ըլլալ, թէ «այդ խորհրդանշանը կը մերժէ Հայաստանի ներկայ իրականութիւնը»:
Բայց ինչո՞ւ «համախոհութեան» անդամները չեն միանար ներկայ Հայաստանի կառավարութեան տարեկան Մայիս 28ի տօնակատարութիւններուն, կազմակերպելով իրե՛նց ձեռնարկները կամ մասնակցիլ Դաշնակցութեան տասնամեակներէ ի վեր զանազան գաղութներու մէջ կազմակերպած Մայիս 28ի տօնակատարութիւններուն:
Երբ կը գրեմ այս տողերը, Պէյրութի մէջ, Դաշնակցութեան մամուլն ու լրատուական միջոցառումները կը հաղորդեն, որ Դաշնակցութեան համակիր մարզական կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄը, իր տարեկան աւանդական քայլարշաւն ու հանդիսատօնը պիտի ունենայ Մայիս 28ին, Լիբանանի մէջ: Մինչ կուսակցութիւնը, տարբեր հանդիսութիւն մը պիտի ունենայ, քաղաքական մէկ կամ երկու բանախօսներով, երգի եւ երաժշտութեան ծրագիրներով:
Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու թերթերը ընդհանրապէս լուռ կը մնան գալիք տարեդարձին մասին, եւ հաւանական է , որ այս տարի եւս արհամարհեն անկախութեան տարեդարձի օրը: Նոյն ատեն կարելի է հարց տալ, թէ ինչո՛ւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը վարանի նախաձեռնարկ ըլլալէ եւ միւս կուսակցութիւններն ալ հրաւիրելէ՝ միասնաբար կազմակերպելու միացեալ ձեռնարկ մը, այնպէս, ինչպէս տասնամեակներէ ի վեր կ՛ընեն Ապրիլ 24ի առիթով:
Այս յօդուածը աւելի պիտի չերկարեմ յաւելեալ անձնական մտածումներ աւելցնելով, թէ ինչո՛ւ Մայիս 28ի մասին այլազան մօտեցումներ, այսօրուան Սփիւռքին մէջ, տասնամեակներէ ի վեր կրացած դարձած են: Կը նախընտրեմ նախ տեսնել կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնը ինչպիսի հակազդեցութիւն պիտի ունենայ յաջորդ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, որմէ ետք հաւանական է որ վերադառնամ այս նիւթին:
Անցեալ տարի, Մայիս 29ին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ կազմակերպեց «Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրները» անունով ձեռնարկ մը, Պուրճ Համուտի Հայկական Ազգային գերեզմանատան մէջ: Յիշատակուած քաղաքական բոլոր անունները ՀՅԴին պատկանող անձնաւորութիւններ էին: Բացառուած էին անունները քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն պատկանող անձնաւորութիւններուն, որոնք նոյնպէս գործունեայ եղած են Արեւելեան Հայաստանի 1918-1920ի շրջանին, ապա մահացած եւ թաղուած Լիբանանի մէջ: Կը կարծեմ ասիկա շատ լաւ առիթ մըն էր Մայիս 28ը դուրս հանելու իրեն տրուած այն «անձնական» կաղապարէն, որ մատնանշուած է այս յօդուածին մէջ: Իսկ եթէ ա՛յդ էր ձեռնարկը կազմակերպողներուն նպատակը, աւա՜ղ, պատեհութիւն մը փախցուցինք:
Հայաստանի Հանրապետոթեան ներկայ կառավարութիւնը, որուն օրինականութիւնը առարկուած է երկրին մէջ ապրող շատ մը քաղաքացիներուն կողմէ, կը վայելէ ընդունելութիւնը Սփիւռքի աւանդական շատ մը կազմակերպութիւններուն: Արդեօք կառավարութիւնը պիտի կարենա՞յ յաւելեալ քայլ մը առնել եւ ձիւնահալ մը սկսիլ, այնպէս, ինչպէս բացատրուած է այս յօդուածին մէջ: Դժուար պիտի ըլլայ ասիկա, եւ վստահաբար հնարողական ճիգի մը կարիքը ունի յաջողելու համար: Բայց եթէ կրցաւ ընել ատիկա, երեւելի կատարում մը իրականացուցած կ՛ըլլայ, անկախ անկէ, թէ մարդիկ ինչ կը խորհին ներկայ կառավարութեան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրագործումներուն մասին:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
Ժոզէֆ Մկրտիչեան Եւ Ընտանիք
Ի Յիշատակ Միրէյ Մկրտիչեանի