ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ հաստատուած «Կարս» կաճառին անդրանիկ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ի երեկոյեան, 25 հոգիի մասնակցութեամբ։
Նորահաստատ այս ծրագիրին նպատակն է համայնքի գործիչներուն մօտ զարգացնել ղեկավարման եւ վարչական ձիրքերը։
Կեդրոնական կոմիտէն նկատած էր, որ համայնքը կարիքը ունի աւելի մեծ թիւով արհեստավարժ եւ կարող ղեկավարներու, որոնք միաժամանակ պէտք է լաւապէս ծանօթ ըլլան համայնքի խնդիրներուն եւ մտահոգութեանց, ինչպէս նաեւ համայն հայութիւնը յուզող հարցերուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
««Կարս» կաճառը իւրայատուկ առիթ մըն է մեր գործիչներուն՝ կենսական տեղեկութիւններ ստանալու եւ մօտէն ծանօթանալու հայութիւնը մտահոգող հարցերուն, որոնց շնորհիւ անոնք պիտի կարենան յարմար որոշումներու յանգիլ, երբ ղեկավար պաշտօններ ստանձնեն մեր կազմակերպութեանց մէջ», կ՛ըսէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Քարմէն Օհանեան։
Մասնակիցները շարք մը նիւթերու դասաւանդութեանց պիտի հետեւին, ներառեալ՝ քաղաքական միջազգային յարաբերութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարման կառոյցներ առարկաները, ՀՅԴի գաղափարաբանութիւն, պատմութիւն եւ ղեկավարման ձիրքեր… Իսկ դասաւանդութիւնը պիտի առաջնորդեն տուեալ մարզերէ մասնագէտներ։
Դասաւանդումները տեղի պիտի ունենան եռամսեայ դրութեամբ, շաբաթը երկու անգամ։ Անդրանիկ եռամսեակի հանդիպումները, որոնց կը մասնակցին կուսակցականներ եւ ուղեկից կազմակերպութեանց անդամներ, տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, Կլենտէյլի «Փէշէքէրեան» կեդրոնին մէջ, Պելմոնթ պողոտային վրայ։
«Կարս» կաճառի վարիչն է համայնքի գործօն անդամներէն Վազգէն Մատէնլեան, որ վերջերս ստանձնած էր Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին (SARF) ձեռնարկած պատկերասփիւռային հանգանակութեան առաջնորդողի դերը եւ եղած է Շամլեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն։