ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս տարուան իր ձեռնարկին ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է «Արուեստներու եւ Գրականութեան» մրցանակը շնորհել բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանին։
Հոկտեմբեր 8ին կայանալիք այս տարուան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
«Պարէտ Մարոնեան մէկ հոգինոց բանակ մըն է, որ կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ։ Անոր «Ցեղասպանութեան Որբեր» (Orphans of the Genocide) վաւերագրական ֆիլմը արդէն իսկ հասած է աւելի քան 100 միլիոն պատկերասփիւռ դիտողներու, իսկ անոր յաջորդած «Women of 1915» ֆիլմը կը շարունակէ մեր պատգամը լսելի դարձնել աշխարի տարածքին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Նշենք, որ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբեր» ֆիլմը լուսարձակի տակ առած էր այդ որբերուն ցուցաբերուած՝ «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» կազմակերպութեան ջանքերը, եւ այդ պատճառով ալ ֆիլմը օգտագործուած էր Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա» արշաւին կողմէ։
Շրջանային չորս «Էմի» մրցանակներ շահած Մարոնեան 2006ին հաստատած էր «Արմէնոյտ» ընկերութիւնը, յատկապէս հայութեան առնչուող վաւերագրական ֆիլմեր արտադրելու եւ տարածելու նպատակով։ Վերոյիշեալ ֆիլմերը արտադրուած են այս ընկերութեան ջանքերով։ «Ցեղասպանութեան Որբեր»ը, որ արդէն իսկ թարգմանուած է քանի մը լեզուներու, մասնակցած է աւելի քան 20 միջազգային փառատօներու եւ ցուցադրուած է համալսարաններու, թանգարաններու ու գրադարաններու մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, Գանատայի, Արժանթինի, Պրազիլի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին, կամ այցելել www.ancawr.org/gala կայքէջը: