ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, մեկնաբանելով հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին հարցը՝ սպառնալիք ուղղած է իրաքցի քիւրտերուն:
Թրքական «Տիքեն» կայքին համաձայն՝ Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է. «Իրաքի կամ Սուրիոյ տարածքին անկախ պետութիւն հիմնելու երազանքով տարուածները պէտք է պատրաստ ըլլան համարժէք հակահարուածի, եթէ սպառնալիքի տակ դնեն Թուրքիոյ սահմանները»:
«Թող ո՛չ ոք փորձէ մեր հարաւային սահմանին վրայ նոր գործ բանալ: Անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելէն երբե՛ք պիտի չքաշուինք», աւելցուցած է Եըլտըրըմ:
Յիշեցնենք, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէն նախատեսուած է կայացնել Սեպտեմբեր 25ին:
Նախապէս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու սպառնացած էր, որ եթէ քիւրտերը շարունակեն յամառիլ անկախութեան հանրաքուէին հարցով, ապա ծանր գին պիտի վճարեն: