ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ, 19 Սեպտեմբերին, կը քննարկուին Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման հարցերը եւ հեռանկարները: Ըստ «Փանորամա»ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, այս մասին ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արտակ Զաքարեան:
«Պիտի փորձենք Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող մեր ներուժը, հայրենակիցներու կապերը, հնարաւորութիւնները, գիտական, մասնագիտական կարողութիւնները եւս ներգրաւել Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրի արագընթաց զարգացումը ապահովելու համար: Ասոր համար կը տեսնենք իրական հնարաւորութիւններ, կարծես թէ ունինք պէտք եղած բոլոր աղբիւրները», նշեց ան:
Անդրադառնալով նախօրէին, համաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերուն, Ա. Զաքարեան ըսաւ, որ «ազգ-բանակ» մտապատկերի քննարկումները անցած են բաւական աշխոյժ, համակողմանի կերպով քննարկուած է այդ գաղափարը, տարբերակի առանձնայատկութիւնները եւ համահայկական ներուժը:
«Այդ մտապատկերը գաղափարական այն բացառիկ մօտեցումներէն է, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ քաղաքական ու հասարակական տարբեր տեսանկիւններէ ընդունելի, կարեւոր համարուող հանգամանք է: Պէտք է կարենանք ճիշդ ճանապարհով, աւելի արդիւնաւէտ, նպատակային կերպով կեանքի կոչել այդ բանաձեւը, որպէսզի ժամանակի եւ տարածութեան մէջ մեր ծախսած միջոցները աւելի ազդեցիկ կերպով ծառայեն ա՛յն նպատակին, զոր մենք մեր առջեւ դրած ենք իբրեւ պետութիւն, իբրեւ միասնական ազգ»,- ըսաւ պաշտպանութեան փոխնախարարը: