ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամիսներ առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն կապուած էին, գիտնալու համար եթէ պիտի մասնակցիմ Համահայկական 6րդ խորհրդաժողովին եւ եթէ պատրաստ եմ զեկուցում ներկայացնելու։
Վստահ չէի, որ պիտի կարենամ մասնակցիլ, մեծ ալ հետաքրքրութիւն չունէի մասնակցելու, հետեւաբար՝ զեկուցում պատրաստելու խոստում չտուի: Անցեալին, երբ զեկոյց պատրաստելու առաջարկներ եղած են, միշտ մերժած եմ. թերթին առօրեայ հեւքը ինծի երբե՛ք չէ թոյլատրած՝ ուսումնասիրութիւն պահանջող զեկոյցներու համար ժամանակ գտնել:
Համագումարի օրերուն Երեւան գտնուելով եւ հակառակ անցեալ համագումարներէն այնքան ալ խանդավառուած չըլլալուս՝ որոշեցի մասնակցիլ. սփիւռքի նախարարութեան բարեհաճ աշխատողներուն շնորհիւ դժուարութիւն ալ չունեցայ:
Ի միջի այլոց, այս համագումարներուն մասնակցողներէն շատեր, յուսախաբութիւն յայտնելով հանդերձ՝ դարձեա՛լ կը դառնան ու կը կատարեն կազմակերպողներուն կողմէ իրենց վերապահուած դերը, որ պարզապէս ներկայութիւն է, թիւ համալրելը, գոնէ այդպէս կը թուի ինծի:
Համագումարի ծիրէն ներս առաջին ձեռնարկը Գագիկ Ծառուկեանի «Փարաւոն» համալիրի փառաւոր ճաշկերոյթն էր՝ ճոխ ճաշատեսակներով ու մեր հայրենասիրական ճաշակին համապատասխանող գեղարուեստական ծրագիրով:
Հանդիպումներ, ողջագուրումներ եւ հաճելի ժամանց… Պարզապէս պէտք է տուն դարձդ թաքսիով կատարելու հեռանկարէն խուսափիլ, որովհետեւ դժուար հարցապնդումներու կրնաս ենթարկուիլ վարորդին կողմէ, որ մեծ յոյսով, կամ ծայրայեղ յուսախաբութեամբ, պիտի ուզէ գիտնալ, թէ իր կեանքը ինչպէ՛ս պիտի փոխուի այս համագումարէն ետք:
Յաջորդ օրը բացման հանդիսութիւնն էր, որուն ծրագիրը կրճատուած էր, եւ խօսք առնելու պատրաստուող քանի մը համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ վերջին վայրկեանին տեղեկացած էին, թէ… պիտի չխօսին: Կը շարունակե՛նք։