ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Այս տարի Հայաստան 6 տեղով բարելաւած է դիրքը եւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի կազմած մրցունակութեան համաշխարհային վարկանշային ցանկին վրայ՝ զբաղեցնելով 73րդ տեղը 137 երկիրներու շարքին: Այդ մասին կը հաղորդուի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի զեկոյցին մէջ:
Անցեալ տարի, 138 երկրիրներէ բաղկացած ցանկին վրայ Հայաստան կը գրաւէր 79րդ տեղը:
Տարածաշրջանի պետութիւններէն Իրան՝ 69րդն է, Ատրպէյճան՝ 35րդը, Վրաստան՝ 67րդը, Թուրքիա՝ 53րդը, Ռուսիա 38րդը, իսկ Չինաստան՝ 27րդը:
Ցանկին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ Զուիցերիան, որուն կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգները, Սինկափուրը, Հոլանտան եւ Գերմանիան:
Հայաստան 35րդ տեղը կը գրաւէ «Ապրանքներու շուկայի արդիւնաւէտութեան» գործօնով, 51րդը՝ «Աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան», 55րդը՝ «Առողջութեան եւ տարրական կրթութեան», ինչպէս նաեւ «Հանրային հիմնարկներու» գործօնով, 68րդը՝ «Ընկերութիւններու մրցունակութեան» եւ 70րդ տեղը՝ «Նորարարութեան» գործօնով:
Աղիւսակը կազմուած է 12 հիմնական չափանիշներու հիման վրայ՝ պետութեան կառոյցներու, ենթակառուցուածքներու, փոքր-տնտեսական միջավայրի, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներու ցուցանիշներու, ապրանքներու շուկայի եւ աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան, ֆինանսական շուկայի զարգացման, արհեստագիտական պատրաստութեան, շուկայի ծաւալներու եւ այլն: