«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթներէն իւրաքանչիւրը կարելի է բնութագրել իբրեւ բացառի՛կ երեւոյթ: (Ձեռնարկի թղթակցութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային)
Բացառիկ են՝ քաղաքային, նահանգային եւ դաշնակցային ընտրեալ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ, որ ամերիկահայութեան քաղաքական ազդեցութեան ապացոյց մը կը հանդիսանայ:
Բացառիկ են՝ Հայ Դատի նոր զինուորագրեալները յանձնառուներու շարքին միացնելու իբրեւ առիթ:
Բացառիկ են՝ հաւատարմութեան ու հետեւողականութեան դրսեւորումներով:
Բացառիկ են՝ թարմութեան ու խանդավառութեան նոր աղբիւրներու յայտնաբերումով:
Բացառիկ են՝ սերունդներու յաջորդականութեան երաշխիքներով, որոնցմէ ամէնէն անհերքելին իրե՛նց՝ երիտասարդներուն շեշտաւորուած ներկայութիւնն է:
Բացառիկ են՝ Հայ Դատի ջատագովներու ճշգրիտ գնահատումով, անոնց ներդրումի՝ ըստ արժանւո՛յն դրուատումով:
Այստեղ հերթական է յանձնախումբի գործունէութեան տարեկան զեկոյցը, որ սակայն, դարձեա՛լ բացառիկ է իր ամբողջականութեամբ: Ի՞նչ ծրագիրներ իրականացան եւ որո՞նց ներդրումով:
Բացառիկ են նաեւ՝ Հայ Դատի խօսնակներու ելոյթներուն անկեղծութեամբ. այսքա՛ն կրցանք իրականացնել, որովհետեւ մեր հնարաւորութիւնները՝ մարդկային ուժի ու նիւթական մեր միջոցները, չէին թոյլատրեր աւելին իրականացնել: Ուրեմն, եթէ չենք բաւարարուած, ապա ամէն ճիգ պէտք է թափենք՝ աւելի՛ մեծ թիւով կամաւոր ներգրաւելու, աւելի մեծ պիւտճէով աշխատելու հնարաւորութիւն ստեղծելու: Անկարելի բաներ չեն ասոնք, այլ կը պահանջեն նոր գաղափարներ, գործելու նոր եղանակներ, աշխատանքի նոր դաշտեր:
Հայ Դատի յանձնախումբը, նոր եւ համաժողովրդական մասնակցութիւն ապահովող միջոցներ փնտռելու ճամբուն վրայ, անցեալ Կիրակի երեկոյեան ձեռնարկին ներկայացուց ամսական 15 տոլար դրամահաւաքի նոր ու դիւրին դրութիւն մը, որ անմիջապէս ունեցաւ 200է աւելի արձանագրուողներ: Այս յատուկ դրութիւնը կը ներկայացնենք վաղուան թիւով: