ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՖԻՊԱն հրապարակած է պասքէթպոլի ազգային հաւաքականներու նոր վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականը:
24.3 միաւորով Հայաստան 153 երկիրներու շարքին գրաւած է 95րդ հորիզոնականը:
Վարկանշային աղիւսակը կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգները, որուն կը յաջորդեն Սպանիան եւ Սերպիան: