ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) Հոկտեմբեր 10ին վաւերացուց Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու շարունակուող ոտնակոխումները դատապարտող երկու բանաձեւեր:
Բանաձեւին մէջ վեհաժողովը մտահոգութիւն կը յայտնէ քրէական օրէնսդրութեան կամայական կիրառման առնչութեամբ՝ շեշտելով, որ օրէնքները կը շահագործուին կարծիքներու արտայայտման ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով:
Պատուիրակները նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնեն արտախորհրդարանական ընդդիմութեան գործունէութեան եւ հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներուն առնչութեամբ:
Պատուիրակները ապա կոչ ըրած են Ատրպէյճանին անյապաղ ապահովելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներուն լիակատար իրագործումը, ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալները, ստեղծելու լրագրողներու ազատ գործունէութիւնը երաշխաւորող պայմաններ եւ փոփոխութիւններ մտցնելու քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ազատ գործունէութեան վերաբերեալ օրէնքներուն մէջ՝ զանոնք համապատասխանեցնելով Եւրոպայի խորհուրդի չափանիշներուն:
Նշենք, որ բանաձեւերու քննարկման ընթացքին, որ տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ, ելոյթներ ունեցան շարք մը պատգամաւորներ, եւ առաջադրուած փոփոխութիւններուն պատճառով քննադատութիւնը աւելիով խստացուեցաւ:
Ելոյթ ունեցող խորհրդարանականներէն մէկն էր գերմանացի պատգամաւոր Ֆրենք Շուապեն, որ շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի զեղծարարութեանց մասին խօսելու ընթացքին պէտք է շեշտել, որ արդէն իսկ յայտնի են ԵԽԽՎի 3 անդամները, որոնք ընդունած են, թէ իրենք Ատրպէյճանէն գումարներ ստացած են՝ Պաքուի ի նպաստ քուէներու փոխարէն: Բանաձեւի վաւերացումէն մէկ օր առաջ, ԵԽԽՎի մօտ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սէյիտով արձագանգած էր կազմակերպութեան մէջ իր երկրի հասցէին կատարուած քննադատութեանց եւ նշած, թէ իրենք գիտեն՝ «ի՛նչ ուժեր կանգնած են անոնց ետին»: