ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 6ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու «Հայ Դպրոց» հիմնարկի նախագահ Մոնէ Տէր Գրիգորեանը:
Նախարարը ջերմօրէն ողջունեց հիւրը եւ բարձր գնահատեց հիմնադրամին գործունէութիւնը՝ Արցախի եւ Հայաստանի դպրոցները կահոյքով ապահովելու ծրագիրը, ապա նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալու կապակցութեամբ:
Նախարարը ըսաւ. «Ուրախ եմ եւ շնորհակալ այն ջանքերի, ժամանակի եւ աշխատանքի համար, որ դուք ներդնում էք եւ նպաստում Հայաստանի ու Արցախի կրթական ոլորտի պայմանների բարելաւմանը՝ ժպիտ պարգեւելով հեռաւոր բնակավայրերի երեխաներին, նրանց համար դպրոց յաճախելը դարձնում հաճելի ու տրամադրող: Կարծում եմ՝ այսուհետ մենք կը համագործակցենք սահմանապահ բնակավայրերի խնդիրների լուծմանն ուղղուած ծրագրի շրջանակներում, եւ դուք ձեր հերթին կ՛օժանդակէք, որ մեր սահմաններն ամուր ու ապահով լինեն»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Մոնէ Տէր Գրիգորեան ներկայացուց հիմնարկին կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ նշեց, թէ նախորդ տասնչորս տարիներուն, «Հայ Դպրոց»ը ընդլայնած է իր գործունէութիւնը շարունակական դրամահաւաքներու միջոցով: Հիմնարկի նուիրատուներուն շնորհիւ, ցարդ շուրջ 24,000 աշակերտ ունեցող 260 դպրոցներ եւ մանկապարտէզներ ստացած են նոր սեղաններ, աթոռներ, ուսուցիչներու համար նախատեսուած սարքեր, գրատախտակներ, գրապահարաններ, համակարգչային սեղաններ, կախիչներ, եւ այլն: «Հայ Դպրոց»ը յաջողութեամբ աւարտած է շարք մը ծրագիրներ, իսկ կահոյքը արտադրուած է Հայաստանի մէջ՝ ստեղծելով աշխատանքի առիթներ տեղւոյն բնակչութեան համար:
«Հայ Դպրոց» հիմնարկի նախագահը համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ նշեց, թէ հիմնարկը աշխուժօրէն պիտի օգնէ նաեւ սահմանային գիւղերու դպրոցներուն՝ ստեղծելով պատշաճ ուսուցման միջավայր, դպրոցական գործընթացը դարձնելով աւելի արդիւնաւէտ Հայաստանի եւ Արցախի աշակերտներուն համար: