ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երկուշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցելու Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ զօրակցելու համամասնական ընտրական օրէնքի յաջողութեան:
Պըրրի յորդորեց արտերկրի լիբանանցիները ուղղուելու իրենց ապրած երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուները կամ հիւպատոսարանները եւ արձանագրելու իրենց անունները, նախքան 21 Նոյեմբեր 2017:
Իր կոչին մէջ Պըրրի նշեց, որ լիբանանցիները կրցած են ընտրել հանրապետութեան նախագահը, վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, ինչպէս նաեւ աշխատավարձի յաւելումին եւ տուրքերուն վերաբերող օրէնքները: Անոնք 12 տարի ետք վաւերացուցած են նաեւ պետական ամավարկը՝ յուսալով, որ անիկա օգտակար կ՛ըլլայ Լիբանանի պետական գանձարկղին, ինչպէս նաեւ փտածութեան կասեցումին:
«Շրջանին մէջ բռնկած հրդեհէն ինքզինք զերծ պահել փորձող, ահաբեկչութեան եւ ամէն տեսակի սադրանքներու յաղթած ձեր երկրին՝ Լիբանանի անունով կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ մասնակցելու Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ գարնան», հաստատեց ան: