Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք, 17 Հոկտեմբերին Փարիզի եւ Նանթերի դատարաններուն մէջ միաժամանակ տեղի ունեցան դատականօրէն իրարու հետ բնաւ կապ չունեցող բայց խորքին մէջ նո՛յն՝ Հայ Դատին եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարին առընչուող դատական երկու նիստեր:
Ստորեւ՝ «Նոր Յառաջ»ի առաւել մանրամասն լրատուութիւնը.
«Փարիզի այն ատեանին առջեւ, ուր տեղի պիտի ունենար Արա Թորանեանի եւ Սամ Թիլպեանի դատավարութիւնը, համախմբուած էին շուրջ հարիւր հայեր: Թորանեան կ՛ամբաստանուէր «նախատինք»ի, իսկ Թիլպեան «անուանարկութեան» մեղադրանքով, նոյն անձին՝ ոմն «Պատմութեան հետազօտող» Մաքսիմ Կոէնի հասցէին:
Դատավարութիւնը ընթացաւ բաւական հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Տիկին դատաւորը անմիջապէս յիշեցուց, թէ «հարցը արդէն վճռուած է», դիտել տալով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է 29 երկիրներու կողմէ, բայց եւ այնպէս, ան աւելի չափաւոր թուեցաւ ինչ կը վերաբերի ժխտողականութեան պատժելիութեան:
Դատաւորին դիմաց առաջին ներկայացողը եղաւ Սամ Թիլպեան, որ հերքելէ ետք համացանցային զանազան ֆորումներու մէջ մարտնչողական արտայայտութիւններու մասին պնդումները, պատմեց Ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին սարսափելի պատմութիւնը:
Իրմէ ետք, դատաւորին ներկայացաւ Արա Թորանեան, որ ի սկզբանէ ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վիճելի չէ: Ամբաստանեալ Թորանեան, խօսքը ուղղելով Կոէնի, իր կարգին ամբաստանեց զայն, Թաներ Աքչամի հասցէին ըսածներուն համար: Այնուհետեւ Թորանեան եւս պատմեց իր մեծ հօր եւ մեծ մօր տխուր պատմութիւնը՝ Ցեղասպանութեան օրերէն: «Նուվէլ տ՛Արմէնի»ի տնօրէնը ապա դիտել տուաւ, որ Կոէն ի՛նք նախատինքներ եւ անուանարկութիւններ կը կատարէ, յիշեցնելով որ վերջինս ընկերային ցանցերու վրայ Քիմ Քարտաշեանի մասին խօսելով՝ արտասանած էր «պոռնկութիւն» բառը: Թորանեան «Թրքական պետութեան հնազանդ զինուորը» որակեց Կոէնը, որ յիշեցնենք՝ Անգարա հաստատուած է եւ իր ժամանակը կ՛անցընէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը պղծելով, անոնց շառաւիղները գրգռելով, անարգելով, անոնց հասցէին յարձակումներ կատարելով: Ապա, Թորանեան անդրադարձաւ նաեւ Բ. Աշխարհամարտին հայ դիմադրականներու մասին Կոէնի «անոնք Ֆրանսան չէին ներկայացներ» արտայայտութեան, եզրակացնելու համար, որ ան «արդարեւ, թրքական ֆաշականութեան ծառայ մըն է»:
«Ժամանակը պէտք է ամոքած ըլլար տառապանքները: Սակայն այդպէս չեղաւ: Պիտի շարունակենք մեր պայքարը ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պատժելիութեան», եզրափակեց ան:
Կարգը եկած էր ամբաստանողին: Կոէն գոց սորվածի տպաւորութիւնը տուող ելոյթով մը, ըսաւ որ ինք երբեք ֆաշական արտայայտութիւններ չէ ունեցած: Անգամ մը եւս մերժեց «ցեղասպանութիւն» եզրը ինչ կը վերաբերի 1915ի դէպքերուն եւ վերջապէս հերքեց նաեւ թէ ինք Թուրքիոյ ծառան է:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար խօսք առին Իվ Թերնոն եւ Յարութիւն Գէորգեան, որոնք նիւթին իրենց հանրածանօթ հմտութեամբ պարզեցին Ցեղասպանութեան բացայայտ եւ անվիճելի բնոյթը:
Դադարէ մը ետք խօսք առաւ Կոէնի փաստաբանը՝ մեթր (փաստաբան-Խմբ.) Մեզոննովը, որ անձամբ խնդրոյ առարկայ չդարձուց Ցեղասպանութեան գոյութիւնը, բայց անմիջապէս աւելցուց, թէ «կարելի է վիճարկել»: Ապա ան շարունակեց՝ ըսելով, թէ իր պաշտպանեալը «ֆաշական մը չէ, այնպէս ինչպէս կ՛ուզէք ցոյց տալ»: Իրեն յաջորդեց Կոէնի երկրորդ փաստաբանը, որ փորձեց շեշտը դնել իր պաշտպանեալին կրած «բարոյական վնաս»ին վրայ:
Դատախազին ելոյթէն ետք խօսք առաւ պաշտպանութեան կողմին փաստաբանը՝ մեթր Անրի Լըքլեր, որ շեշտեց. «Թրքական պետութեան ժխտողականութիւնը անհանդուրժելի է»: Ան աւելցուց, թէ վերջ ի վերջոյ հրեաներու շօայի ժխտող Ֆօրիսոնի պարագան, —որուն եւ Կոէնի միջեւ զուգահեռներ գծած էին մեղադրեալները, ինչ որ նոյնպէս մաս կը կազմէր բողոքին,— կարելի է պատշաճեցնել Կոէնին ալ, որ կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հայոց հակահրէական կեցուածքներուն մասին Կոէնի պնդումներուն ալ պատասխանելով՝ Լըքլեր ներկայացուց ցանկը հրէական այն բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն, որոնք այս դատին մէջ կը զօրակցէին հայերուն: Փաստաբանը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Կարելի չէ դպչիլ հայ ժողովուրդի արժանապատւութեան»:
Դատարանը յայտարարեց, թէ վճիռը պիտի արձակուի 28 Նոյեմբերին:
Միւս կողմէ, «Շիշ Մը Ջուրի Սրսկումը Պատճառ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վիճարկման»
խորագիրով անդրադարձած է «Լը Մոնտ» թերթը միւս՝ Նանթերի դատավարութեան եւ լաւագոյնս կը նկարագարէ իրողութիւնը:
Արդարեւ, Նանթերի դատարանին մէջ ալ կը դատուէին հայ երկու երիտասարդներ՝ Դատ Տեմիր (25) եւ Դրօ Մոմճեան (22), որոնք 2 Մարտ 2015ին, դասախօսութեան մը ընթացքին, թուրք դեսպանին վրայ շիշ մը կարմիր ջուր սրսկած էին որպէս արեան խորհրդանիշ, ու նկարահանելով միջադէպը, սփռած էին ընկերային ցանցերու վրայ: Ուրեմն անոնցմէ մէկը կը դատուէր կանխամտածուած բռնութիւն կատարելու եւ ծուղակ լարելու, իսկ երկրորդը՝ մեղսակցելու եւ նկարահանումը սփռելու մեղադրանքներով:
Դատ Տեմիր դատաւորին բացատրեց, թէ դէպքը պատահեցաւ յատուկ իրադրութեան մը մէջ, ենթադրել տալով, որ կ՛ակնարկէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ այդ օրերուն յատկապէս բորբոքած յոյզերուն: Ան խօսեցաւ թրքական պետութեան ժխտողականութեան եւ Ցեղասպանութեան իրականութեան մասին: Ինքզինք «զոհ» մը համարելով, ուզեց դատարանը վերածել ազատ լսարանի: Ան բացատրեց, թէ իրեն նախատինքի նման հնչած էր այդ օրերուն Ցեղասպանութեան ոգեկոչման զուգահեռաբար Տարտանելի մէջ հանդիսութիւն կազմակերպելու Էրտողանի որոշումը: Դատաւորին առարկութեան, թէ թուրք դեսպանը այդ օրը համալսարան եկեր էր աշխարհականութեան մասին խօսելու եւ նիւթը կապ չունէր Ցեղասպանութեան հետ, Դատ ըսաւ, որ իրենց նպատակն էր այնպիսի բան մը ընել, որ կարելի ըլլայ Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ պետութեան ճնշող քաղաքականութեան մասին խօսեցնել:
Դատաւորին «Թերեւս սխալ գործեցիք» մը շպրտելով՝ զիրենք մեղմօրէն յանցանքի խոստովանութեան մղելու փորձին ալ Դատ վճռականօրէն պատասխանեց, որ իրե՛նք են բուն զոհերը, աւելցնելով, որ ինչ որ ըրին, ըրի՛ն իրենց նախնիքին յիշատակին, որոնք շիրիմ իսկ չունին: Ան ընթերցեց Իվ Թերնոնի «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Հետաքննութիւնը» աշխատասիրութենէն հատուածներ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ նիստին բացակայ թուրք դեսպանին փաստաբանը Արոն Պաս: Վերջինս փորձեց բաւական տարօրինակ հարցումներով նեղ կացութեան մատնել Դատը, նաեւ գրգռելով ներկաները, բայց դատաւորը միջամտեց, առարկելով, որ հարկ է վերադառնալ բուն նիւթին:
Ամբաստանող կողմին ճառէն ետք տիկին դատախազը յետաձգումով (sursis) երեքական ամիս բանտարկութիւն պահանջեց հայ երկու երիտասարդներուն համար: Ան աւելցուց. «Պատմութիւնը բարդ է եւ ցաւոտ», աւելցնելով սակայն, որ «արտայայտութեան ազատութիւնը պէտք է կարենայ գոյութիւն ունենալ»:
Հոս եւս յայտարարուեցաւ, թէ վճիռը պիտի արձակուի 28 Նոյեմբերին»։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»