ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք մեր համայնքի ակնառու անձերէն՝ ազգային բարերար Յակոբ Պաղտասարեանը:
Այս իւրայատուկ անձնաւորութիւնը աննկարագրելի խանդավառութեամբ իր շուրջինները կը վարակէր իր հայրենասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ: Ամէն անգամ, երբ ազգային կարեւոր նպատակի մը համար դրամահաւաք կազմակերպուէր, Յակոբ իր շրջանակը զօրաշարժի կ՛ենթարկէր, եւ անշուշտ, իր անձնական օրինակով կը մղէր իր ընկերներն ու բարեկամները մասնակցելու հանգանակութեան:
Յակոբ Պաղտասարեանի բարեգործութեանց քարտէսը բաւական ընդգրկուն է՝ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք: Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի թելեթոնին ամէնէն խանդավառ զօրակցողներէն էր ան, եւ իր նուիրատուութիւններով ու յորդորներով նպաստած էր այդ ամէնամեայ արշաւներու յաջողութեան:
Իրեն սրտամօտիկ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան մէջ, այլ բարերարներու հետ միասին ստեղծած էր պատրաստակամ մթնոլորտ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի դպրոցներուն եւ ուսանողներուն շարունակական աջակցութիւն ցոյց տալու: Այս Հիմնարկութեան ծրագիրները իրականացնելը Յակոբին համար դարձած էր մտասեւեռում: Իր անձնական շփումներուն ընթացքին, երբեմն իր շրջապատի մարդիկը նեղացնելու գնով հարցեր կը լուծէր, դպրոցի մը վերանորոգման կամ ուսանողի մը կրթաթոշակի խնդիրը կը կարգաւորէր: Ներքին հզօր կարգապահութեամբ, այս մարդը կ՛անտեսէր իր ուժն ու կորովը ջլատել փորձող հիւանդութիւնը ու անխռով կը շարունակէր առաքելութեան վերածած իր բարեգործութիւնները:
Պարզութիւն ու համեստութիւն ճառագայթող այս մարդը իր ետին թողուց բարեգործութեան հսկայական աւանդ մը, որուն համար թէ՛ մեր համայնքը եւ թէ մեր ժողովուրդը կը մնայ երախտապարտ:
Մենք պիտի զգանք իր բացակայութիւնը, պիտի կարօտնանք իր մեղմ, զգայուն բայց ազդեցիկ ու համոզիչ զրոյցներուն:
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ
Հանգուցեալ Յակոբ Բաղդասարեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2017ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հիլդա Բաղդասարեան
Զաւակները՝ Փիթըր եւ Ռուբի Բաղդասարեան եւ զաւակները՝ Մայքըլ եւ Ճան
Գեւիկ եւ Փաուլա Բաղդասարեան
եւ զաւակները՝ Էնթընի, Ճորճ եւ Ճէք
Քոյրը՝ Նորա Ասատուրեանս
Քոյրը՝ Էմմա եւ Խորէն Սալմասեան
Քոյրը՝ Ռիմա եւ Երուանդ Գրիգորեան
Քոյրը՝ Ասիա եւ Արդերիկ Բաղդասերեանս
Աները՝ Ռուբէն Ոսկանեան
Աներորդին՝ Աբիկ եւ Ալիս Ոսկանեան
Մարինա եւ Վազգէն Մազմանեան եւ ընտանիք
Անիթա եւ Արիգ Գէորգեան եւ ընտանիք
Էրիք եւ Մերսետէս Սալմասեան եւ ընտանիք
Ջենիֆըր Սալմասեան եւ ընտանիք
Ջորէս եւ Թինա Գրիգորեան եւ ընտանիք
Բիանքա եւ Րաֆֆի Թիմուր եւ ընտանիք
Էլմիդա եւ Սեւատա Չամրաս եւ ընտանիք
Փաթրիք եւ Ճեքի Բաղդասարեանս եւ ընտանիք
Ալինա եւ Հերի Աբրահամեան եւ ընտանիք
Անի Ոսկանեան
Սարէն Մելիքեան
Խնամիները՝ Յակոբ եւ Սիւզի Գրիգորեանս
Անդրու եւ Մարու Լայս
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Glendale Hilton պանդոկի սրահին մէջ, 100 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202:
Հանգուցեալի յիշատակին, նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Armenian Educational Foundation-ի Hagop Baghdassarian Memorial Fund-ին, http://aefweb.org/index.php/donation, AEF Offices, 600 W. Broadway, Suite 130, Glendale, CA 91204։