ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներ Ճան ՄըքՔէյ, Ռապըրթ Մենենտեզ, Պըրնի Սենտըրզ, ինչպէս նաեւ 11 այլ ծերակուտականներ նամակ մը յղած են նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ պահանջելով, որ ան աւելի խիստ դիրքորոշում որդեգրէ Թուրիքոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակազմին կողմէ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն դէմ:
Նամակին մէջ նշուած են Էրտողանի ոտնձգութեանց կարգ մը օրինակներ, ներառեալ՝ լրագրողներու ձերբակալութիւններ, Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի աշխատակից Մեհմետ Թոփուզի բանտարկութիւնը եւ անցած Մայիսին, Ուաշինկթընի մէջ, Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներու վրայ վայրագ յարձակումը: