ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տերսիմ (թրքական պաշտօնական անուանումը՝ Թունճելի) նահանգի Հոզաթ շրջանի Էրգան գիւղի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է իբրեւ Էրգանի եկեղեցի, ամբողջական աւերման եզրին յայտնուած է:
Ինչպէս կը փոխանցէ Yeniozgurpolitika.org կայքը, վերակառուցման կարիք ունեցող այս եկեղեցին, պետութեան պահպանութեան տակ առնուելու որոշումէն ի վեր որեւէ կերպ չէ նորոգուած: Բացի ատկէ, Էրգանի եկեղեցին պարբերաբար կ՛ենթարկուի գանձագողերու յարձակումներուն:
Եկեղեցին կառուցուած է 975 թուականին. անոր պատերու ներքին հատուածին վրայ տակաւին պահպանուած են հայատառ որոշ արձանագրութիւններ:
Էրգանի եկեղեցին կը նկատուի Տերսիմի ամենամեծ ու ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մէկը: Կը պատմուի, թէ 1915էն ի վեր եկեղեցին չէ գործած: Ցեղասպանութեան զոհ գացած է եկեղեցւոյ վերջին քահանան, որ սպաննուած է եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Էրգան գիւղը կը յիշատակուի նաեւ Տերսիմի 1937-1938 թուականներու կոտորածներուն ժամանակ: Կը նշուի, թէ այնտեղ սպաննուած են գիւղի 200 բնակիչներ, որոնց զանգուածային գերեզմանը կը գտնուի նոյն գիւղին մէջ:
Պատմական Տերսիմ տարածքին վրայ կան 132 եկեղեցիներ ու 4 վանքեր, որոնց զգալի մասը աւերակ դարձած է: