Մտածե՛նք հայերէն, խօսի՛նք հայերէն, երգե՛նք… խաղա՛նք հայերէն…
Աշնանամուտ է:
Ջա՛ն Հոկտեմբեր, բարով եկար մեր սիրելի վարժարան… Օ՜հ ըսել կուզեմ, որ Հայ մշակոյթի ամիսը մեզի հետ տօնելո՞ւ եկած ես:
Անկեղծ ըլլամ՝ ըսելու, որ մեր վարժարանը ամէնօրեայ տօն է հայութեամբ «շնչելու եւ հաղորդուելու», որովհետեւ մեր տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ամէնօրեայ փափաքն ու աշխատանքը եղած է, մեզ հայութեամբ թրծելու, հայօրէն ապրեցնելու, զգացնելու եւ հպարտացնելու, որպէսզի յարատեւ հայրէնախօսութեամբ, մեզ մղեն հաւատքով մօտենալու մեր նախահայրերու թողած ժառանգին :
Սակայն արժէ տօնախմբել Թարգմանչաց հերոսական սրբազան աշխատանքը, որ լոյսի շողերով պայծառացուցած էր մեր նախահայրերու հայ կեանքի աւիշը եւ հասած մինչեւ մեզ՝ լուսաւորելու մեր մատղաշ ու ծարաւ հայու հոգին ու հայ լեզուն:
«Փիլիպոս»ը՝ կրթական մեծ հաստատութիւն, բայց յատկապէս հայկական ամրակուռ կրթօճախ, ծրագրուած աշխատանք կը տանի հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անհատնում նուիրումին եւ հայապահպանման գործընթացին մէջ:
Հակտեմբեր ամսուան իւրաքանչիւր օրը մեր միտքի հորիզոնը հայերէն բառապաշարով հարստացաւ, թէ՛ դասարանին եւ թէ դպրոցի շրջափակին մէջ: Հայոց լեզուի հարուստ հոմանիշները դարձան մեր խօսակցական լեզուին գործնական ու հաճելի առարկաները. խաղն իսկ խօսեցաւ հայերէն։ Պատմական ու աւանդական հարիսան, որ երբեմն մերժուած էր մեր պատանեկան ճաշացուցակին մէջ, դարձաւ ախորժաբեր հայ մշակոյթի աւանդական իմաստով՝ հրամցուած վարժարանիս կողմէ, դպրոցիս մեծ ընտանիքին: Համով էր հարիսան… Համով են մեր հայկական ճաշատեսակները, որովհետեւ բացատրուեցաւ անցեալէն եկած ու մեզի փոխանցուած անոր խորհուրդը՝ սկսած Գրիգոր Լուսաւորիչէն, հասած Խրիմեան Հայրիկ եւ մինչեւ Մուսա լերան մեր հայրենակիցներու աւանդական տօնախմբութիւնը…։
Ուրեմն, պէտք է պահպանել ու փոխանցել մեր լեզուն եւ աւանդոյթը, մտածեցինք…:
Հոկտեմբերեան ամէնօրեայ մշակոյթի ծրագիրը ընդգրկեց հայերէն բառապաշարի, բառախաղի, թուաբանութեան, մարզանքի, խօսքի ու պատկերի, հանելուկներու եւ զանազան ներկայացումներու ամբողջական գործունէութիւն, որոնք առաւել եւս խրախուսեցին մեր հայու հոգին ու հայ լեզուն։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն խումբերու բաժնուած՝ ամէնօրեայ մրցակցութիւնը բոլորին տրամադրութիւնները բարձրացուցին ու դարձուցին յանձնառու մեր լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ:
Այսպէս, հոկտեմբերեան երկշաբթեայ հայերէն բառերով ու խօսքերով զարդարուն փորձերն ու խաղերը դարձան տօնախմբութիւն, մեզի՝ աշակերտներուս համար, իսկ առաւել եւս գոհութեան եւ հոգեկան հպարտութեան առիթ՝ մեր հայերէնի ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան համար:
Մտածե՛նք հայերէն, խօսի՛նք հայերէն, երգե՛նք… խաղա՛նք հայերէն…:
Իսկ դուք՝ սիրելի ընթերցասէր հայրենակիցներ, հետեւեցէք մեր յաջորդ «հայերէնախօսութեան»՝ առաւել եւս հետաքրքրական ու ձեր սիրտին խօսող յառաջիկայ յօդուածներուն: