ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի քաղաքապետարանի աշխատակիցները ջնջած են հայերուն եւ արաբներուն մասին ցեղապաշտական կոչը, որ գրուած էր Մահանէ Եհուտա շուկային մօտ գտնուող պատին վրայ:
«Մենք դիմած ենք քաղաքապետարան՝ խնդրելով ջնջել այդ գրութիւնը: Բայց մինչեւ մեր դիմումը քաղաքապետարանը արդէն տեղեակ էր ցեղապաշտական կոչին մասին եւ կը պատրաստւէին ջնջելու զայն: Անոնք «Ֆէյսպուք»ի վրայ արդէն տեսած էին լուսանկարները», կը պատմէ Արեւելեան Երուսաղէմ բնակուղ ռոք երաժիշտ Աբօ Սահակեան:
Երաժիշտը հրապարակած էր լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի պատին վրայ գրուած «Մա՛հ արաբներուն եւ անոնց հայ ընկերներուն» գրութիւնը: