ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Արագածոտնի մարզ կատարած իր այցին ընթացքին, վարչապետ Կարէն Կարապետեան գտնուեցաւ մարզի գիւղատնտեսական քանի մը ընկերութիւններու մօտ եւ ծանօթացաւ տարբեր ներդրումային ծրագիրներու ընթացքին:
Վարչապետը նախ այցելեց Ոսկեվազ համայնքի ջերմոցային տնտեսութիւն, ուր կ՛արտադրուի վարունգ եւ լոլիկ:
Տնտեսութիւնը ունի 1 հեկտար տարածք. այժմ ընթացքի մէջ է զայն եւս 1.2 հեկտարով ընդլայնելու ներդրումային ծրագիրը. այդ նպատակով կը նախատեսուի ներդրել 800 հազար տոլար:
Տնտեսութեան սեփականատէրը յայտնեց, որ արտադրանքը այժմ կը սպառի միայն տեղական շուկային մէջ, իսկ տնտեսութեան ընդլայնման պարագային կը նախատեսուի կազմակերպել նաեւ արտածում: Բացի ջերմոցային տնտեսութենէն՝ կը ծրագրուի հիմնել նաեւ այգի եւ թռչնաբուծարան:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց նշուած ծրագիրներուն իրականացումը եւ յիշեցուց, որ կառավարութիւնը կ՛աջակցի այգիներ հիմնելու եւ կաթիլային ոռոգման համակարգեր տեղադրելու ծրագիրներու:
Կառավարութեան ղեկավարը այցելեց Ոսկեվազի գինիի գործարան եւ ծանօթացաւ վերջինիս վերակառուցման ներդրումային ծրագիրի ընթացքին: Այստեղ այժմ ընթացքի մէջ են զբօսաշրջութեան համալիրի կառուցման, արտադրական հզօրութիւններու աւելացման աշխատանքները: Ընդհանուր ներդրումային ծրագիրը կը գնահատուի 5-6 միլիոն տոլարով: Ընկերութեան արտադրանքը Հայաստանէն բացի այժմ կը սպառի նաեւ Ռուսիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը այլ երկիներու մէջ: a
Այնուհետեւ վարչապետը ուղեւորուեցաւ Օշականի թռչնաբուծարան: Կը տեղեկացուի, որ արտադրուող թռչնամիսն ու հաւկիթը կը սպառին միայն տեղական շուկային մէջ: Մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրի մը իրականացումով յառաջիկային կը նախատեսուի կառուցել 12 նոր թռչնանոցներ, որոնց շնորհիւ կ՛ակնկալուի արտադրուող թռչնամիսը աւելցնել երեք, իսկ հաւկիթը՝ 1.5 անգամ:
Ներկայիս թռչնաբուծարանը կ՛արտադրէ տարեկան 2 հազար թոն թռչնամիս եւ 40 միլիոն հաւկիթ: Ներդրումային ծրագիրի իրականացման շնորհիւ ներկայ 100 աշխատատեղերուն պիտի աւելնան եւս 100ը:
Կարէն Կարապետեան այցելեց նաեւ տուրմի արտադրութեամբ զբաղուող «Գուրմէ Դուրմէ» ընկերութիւն: Կառավարութեան ղեկավարը ծանօթացաւ տուրմի (շոքոլա, չաքլեթ) արտադրութեան ընդլայնման ծրագիրի արդիւնքներուն: «Գուրմէ Դուրմէ»ի ֆրանսահայ գործարարները կատարած են լրացուցիչ 200 հազար եուրոյի ներդրում: Կը նախատեսուի արտադրանքը արտածել Եւրասիական շուկաներ:
Վարչապետի Արագածոտնի մարզի այցելութեան վերջին կայանը Կարբի գիւղն էր, ուր ան ծանօթացաւ այգիի հիմնադրութեան ծրագիրի ընթացքին: 10 հեկտար տարածքի վրայ, ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումով, արդէն իսկ հիմնուած է խնձորի այգի, իսկ գալիք տարուան ընթացքին կը նախատեսուի հիմնել եւս 20 հեկտար տարածքով ծիրանի եւ կեռասի այգի: Ընդհանուր ներդրումային ծրագիրը կը գնահատուի 3 միլիոն տոլարով:
Կարէն Կարապետեան ողջունեց ռուսահայ գործարարի ներդրումային ծրագիրը եւ յայտնեց կառավարութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու նման ծրագիրներու իրականացման: