ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Մտածե՛նք հայերէն, խօսի՛նք հայերէն, երգե՛նք… խաղա՛նք հայերէն…
Հայ մշակոյթի ամսուան խանդավառութիւնը տակաւ կը շնչէ ու առաւել հայկականութեամբ կը լեցնէ աշակերտական մատղաշ հոգիները մեր սիրելի վարժարան «Փիլիպոս»ի մէջ։
Լսած էինք Մխիթարեան հայրերու անունը եւ հազիւ հասկցած կամ ըմբռնած մեր դասածրագիրով, իսկ այսօր, անգամ մը եւս, վարժարանիս կեդրոնական յայտարարութեան միջոցով երբ բարձր կարգի աշակերտները ներկայացուցին Մխիթարեան միաբանութեան աշխատութեամբ՝ հայ գիրքերու եւ ձեռագիրներու հրաշագործ պահպանման ու տարածման նուիրական աշխատանքին մասին… հիացա՛ծ մնացինք:
Չէինք կրնար չհպարտանալ մեր անցեալի փառքերով: Մեծ եղած են անցեալի մեր մշակոյթի հերոսներու զոհողութիւնները, որոնք ներկայիս այնքան դիւրին ձեւով կը մատուցուին մեզի՝ նոր սերունդիս, որպէսզի գիտակից յանձնառութեամբ մը վեր պահենք ու իրաւական տէրը դառնանք մեր մշակոյթի սրբազան մասունքներուն:
Մանկամսուրի փոքրիկներս այցելեցինք մեզի համար շատ մեծ երեւցող՝ մեր շէնքին յարակից վարժարանիս մանկապարտէզը. ունկնդրեցինք «Շէկ Հաւիկ»ին պատմութիւնն ու ստացանք իրարու օգնելու պատգամը, ապա ծանօթացանք ցորենին, ալիւրին ու հացի պատրաստութեան եւ բարիքներուն, եւ դարձանք «աղ ու հաց»՝ մեր երէց մանկապարտէզի ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ:
Համեղ էր հայրենի լաւաշն ու պանիրը…
Նախակրթարանիս աշակերտութեան համար շատ ուրախալի էր, երբ ուսուցիչը թելադրեց՝ դպրոց բերել հայկական աւանդական հետաքրքրական առարկաներ…
Մեր տուները դարձան խուզարկման կեդրոններ. յաջորդ օրն իսկ մեզի հետ բերինք զանազան եւ զարմանազան հայկական բնոյթ ու պատմական գործնական դեր ունեցած (ներկայիս՝ զարդի վերածուած) առարկաներ, որոնց մասին տեղեկութիւն տրուեցաւ հայերէնի մեր սիրելի ուսուցիչներուն կողմէ:
Պիտի շարունակենք հայկական զարդերով օժտել մեր ապագայի «տուն»երը՝ խոստացանք…:
Նախակրթարանի աշակերտներս հայկական ընդհանուր գիտելիքներու զարգացման մրցումի մասնակցելով՝ վերաթարմացանք եւ նորանոր գիտելիքներով օժտուեցանք ի հարկին, որովհետեւ դասարանէն դուրս դասարանային սերտողութեան այս տարբեր ձեւը մեզ խրախուսեց նոր գիտելիքներով օժտուելու:
Հետաքրքրական են արուեստի ու գրականութեան մէջ շրջուած արտայայտութիւնները, որոնք յաճախ շատ աւելի ազդու են եւ խորիմաստ՝ իրենց անուղղակի բացատրութեամբ: Խաղը կ՛ընդ-գրկէր միջնակարգի աշակերտներս. մեծ խանդավառութեամբ ուսումնասիրեցինք ու գտանք ժողովրդական զանազան ասացուածքներ, ապա խումբերու բաժնուելով՝ մրցում մը կազմակերպեցինք, մեր շարժումներով վերծանել իւրաքանչիւր ասացուածք՝ «Գլուխս արդուկեցիր», «Մարմինս փուշ-փուշ եղաւ», «քիթ բերանը մէկ արի»… Թէ՛ հաճելի եւ թէ դասալի պահ մը անցընելէ ետք, մեր ախորժակները համեմեցինք դպրոցիս կողմէ հրամցուած հիւրասիրութեամբ:
Զբօսանքներուն հայկական երաժշտութեան հնչողութիւնը կը փորձէր «մաքրել» մեր ականջները:
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի այցելութիւնը մեր վարժարան ուրախալի էր: Սփիւռքի եւ յատկապէս պոլսահայ սփիւռքի ծնունդ եւ զաւակ ըլլալով հանդերձ, անոր սահուն հայերէնախօսութիւնն ու ազգային պատկանելութեան քաջութիւնը երգի միջոցաւ Թուրքիոյ բեմերէն արտայայտելը մեր ամերիկեան սփիւռքահայու հպարտութիւնը շոյեց եւ օրինակելի «օրինակ» մը դարձաւ մեր մատղաշ աշակերտի մտապատկերին մէջ:
Առ այդ, Հոկտեմբեր 22ին, «Սիպիլ եւ Անտրէ» համերգին մեր վարժարանի միջնակարգի երգչախումբը հինգ երգերով եւ մեծ ընդունելութեամբ ելոյթ ունեցաւ՝ Սիպիլի եւ Անտրէի երգեցողութեան միանալով:
Հպարտալի երեւոյթ էր, ինչպէս միշտ…
Ինչպէ՞ս չսիրենք ու չգուրգուրանք քե՛զ՝ հա՛յ լեզու, խօ՛սք ու ե՛րգ… արդարօրէն կը մտածենք կրկին:
Ուրեմն՝
Մտածե՛նք հայերէն, խօսի՛նք հայերէն, երգե՛նք… խաղա՛նք հայերէն: