ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հայկական Արուեստներու ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նայիրի Սաֆարեանի փայտակերտ ստեղծագործութիւններուն նուիրուած եւ «Փայտեայ Համանուագ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը. ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի նաեւ Շաբաթ օր, Նոյեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 5ին։ Երկու օրերուն ալ, ցուցադրասրահը բաց պիտի մնայ մինչեւ երեկոյեան ժամը 10։ Հայկական Արուեստներու ցուցադրասրահին հասցէն է 1125 S. Central Ave., Glendale, CA 91204։ Նայիրի Սաֆարեանի ստեղծագործութեանց ծանօթանալու համար, այցելել www.woodsymphony.com կայքը։