ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ տիրող հայկական ջերմ մթնոլոտի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Մշակոյթի փառատօնը։
Առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 4:30, վարժարանիս «Յակոբ եւ Հիլդա Բաղդասարեան» մարզասրահին մէջ, ծնողներու եւ «Շամլեան»ի մեծ ընտանիքի անդամներուն ներկայութեան, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի 8րդ կարգերու աշակերտները ներկայացուցին հայկական մշակոյթէն նմոյշներ՝ ասմունք, երգ, պար եւ թատերախաղ:
Ներկաները առիթ ունեցան ճաշակելու հայկական համադամ ուտեստեղէն եւ վայելելու հայկական տոհմիկ երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ այցելելու շրջափակէն ներս զետեղուած հայկական իրեր վաճառող կրպակները:
Ելոյթներուն մեծամասնութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին: Դպ-րոցի շրջափակը զարդարուած էր կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն ժապաւէններով։ Սոյն գեղարուեստական յայտագիրը կազմակերպուած էր վարժարանի Հայկական բաժանմունքի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ։
Ամբողջ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցող ձեռնարկները կ՛ա-պացուցէին հայ դպրոցի առաքելութեան հիմնական նպատակը՝ հայ մշակոյթն ու ժառանգութիւնը պահպանել եւ նոր սերունդին փոխանցել։ Մշակոյթի փառատօնին կազմակերպման մասնակցած էր նաեւ դպրոցի ծնողաօժանդակ մարմինը։
Այս առիթով, վարժարանի տնօրէնութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայերէնի բաժանմունքի ուսուցիչներուն, ծնողաօժանդակ մարմինին, ծնողներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնց սիրայօժար աշխատանքին եւ անսակարկ նուիրումին շնորհիւ, այս տարի եւս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)