ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ) կը տեղեկացնէ, որ փրկարար ծառայութեան հրշէջ-փրկարարական մեքենաներու իր շարժակազմը համալրուած է ամերիկեան արտադրութեան Pierce մակնիշի երկու մեքենաներով՝ 2 թոն ջրատարողութեամբ, բշկական եւ հրշէջ-փրկարարական կազմածով, յագեցած երկճիւղ եւ եռաճիւղ փողրակներով:
Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ վերջերս ԱԻ նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի եւ Կլենտէյլի հրշէջ բաժանմունքի ղեկավար Կրեկ Ֆիշինի հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած էր Կլենտէյլ քաղաքին կողմէ, իբրեւ նուիրատուութիւն, Հայաստանի ԱԻ նախարարութեան 2 հրշէջ-փրկարարական մեքենայ, յատուկ հրշէջ-փրկարարական հագուստներ եւ պատգարակներ յատկացնելու հարցը: Խոստացուած մեքենաները եւ գոյքը Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերին յանձնուեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան:
«ՀՀ ԱԻ նախարարութիւնը եւ ԱՄՆ Կալիֆորնիա նահանգի Գլենդել քաղաքի միջեւ համագործակցութիւնը նոր մեկնարկ է ստացել՝ խորացնելով արտակարգ իրավիճակների կառավարման տարբեր ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերի իրագործումը», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: