ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստանի երաժշտութիւն» ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը (Music of Armenia) վերջերս անդամ դարձաւ Երաժշտութեան եւրոպական խորհուրդին (Conseil europeen de la musique – CME): Անիկա հայաստանեան առաջին կազմակերպութիւնն է, որ 1972ին հիմնուած նշեալ խորհուրդին անդամ կը դառնայ:
Իսկ Երաժշտութեան եւրոպական խորհուրդը Երաժշտութեան միջազգային խորհուրդի (CIM) շրջանային խումբ մըն է, որ կը ներկայացնէ Եւրոպան: Անիկա նոյնպէս ոչ-կառավարական մարմին մըն է, որ կը զբաղի երաժշտական հարցերով:
Երաժշտութեան միջազգային խորհուրդը, որ 1949ին հիմնուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ, երաժշտութեան բնագաւառին մէջ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու մեծագոյն ցանցը կը հանդիսանայ: