ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 2017ի առաջին ինը ամիսներուն ընթացքին, բացի շուրջ 105 քիլոկրամ «հերոյին»ի մաքսանենգ ճանապարհով Հայաստան մուտքը կանխելու դէպքէն, Ազգային ան-վտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է մեծ չափերով թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան 8 դէպքեր, որոնց շնորհիւ գրաւուած են շուրջ 2 քիլոկրամ «հերոյին», 14 քիլոկրամ ափիոն եւ 3 քիլոկրամ «մետամֆեթամին»:
Մաքսանենգ ճանապարհով մեծ չափերով թմրամիջոցները Հայաստանի Հանրապետութիւն փորձուած է մաքսանենգ ճանապարհով մտցնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն (3 դէպք), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն (1 դէպք), Թուրքիայէն (1 դէպք) եւ Հոլլանտայէն՝ (1 դէպք):
Վերը նշուած 8 դէպքերէն 2ը Հայաստանէն Գանատա մաքսանենգութեամբ թմրամիջոցի արտածման փորձ է: Մաքսանենգները թղթատարի միջոցաւ փորձած են Գանատա արտածել շուրջ 8.5 քիլոկրամ ափիոն տեսակի թմրամիջոց:
Այս բացայայտումներուն ընթացքին ձերբակալուած են 15 անձեր, որոնցմէ 7ն՝ Հայաստանի քաղաքացի, իսկ 8ը՝ Իրանի քաղաքացիներ: