ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նոյեմբեր 2էն 3, Չեխիայի մայրաքաղաք Փրակի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13րդ «Քրիսթըլ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը: Թաթուլ Հաճեան (կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը:
Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչենթէ Ասենչոյի La Frisanca բարդ յօրինուածքը: Գերմանիայէն, Սլովենիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Իտալիայէն եւ այլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին 37 կատարողներ:
Հայաստանը ներկայացնող Թաթուլ Հաճեան սոյն փառատօն-մրցումին ստացաւ «Կրան Փրի»ն՝ շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին:
Թաթուլ ծնած է Լիբանան։ 10 տարեկանին ծնողներուն հետ հաստատուած է Հայաստան:
Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցը եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով:
Ան 16 տարեկանին սկսած է դասաւանդելու Երեւանի երաժշտական վարժարաններին մէջ:
Թաթուլը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօներու՝ Հայաստանի, Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակի մէջ: Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող՝ մասնակցութիւն բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն: