ԵՐԵՒԱՆ.- «Իգլա» հրթիռի ապօրինի շրջանառութեան գործով դատախազը պահանջած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանը դատապարտել 7 տարուան բանտարկութեան:
Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ շրջաններու դատարանին մէջ, 13 Նոյեմբերին դատախազ Արամ Արամեան, ելոյթ ունենալով մեղադրական ճառով՝ Սամուէկ Բաբայեանի դէմ մեղադրանքը ներկայացնելով, թուարկեց անոր վերագրուող արարքները:
Ըստ ատախազին՝ ամբաստանեալի մեղքը ապացուցուած է:
Երկարաշունչ ճառի աւարտին, դատախազը պահանջեց նոյն յանցանքով մեղադրուած ամբաստանեալներ Սանասար Գաբրիէլեանը դատապարտել 4 տարուան բանտարկութեան, Արմէն Պօղոսեանը՝ 3 տարուան, Կարէն Քոչարեանը՝ 3 տարուան, Անդրանիկ Քոչարեանը՝ 2 տարուան պայմանական բանտարկութեան՝ 3 տարի փորձաշրջանով, Դաւիթ Յարութիւնեանը՝ 2 տարուան, Ժորա Զաքարեանը՝ 2 տարուա պայմանական բանտարկութեան՝ 3 տարի փորձաշրջանով:
Յաջորդ դատական նիստը, որուն ընթացքին պաշտպանող կողմը հանդէս պիտի գայ ճառով, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 20ին: Յիշեցնենք, որ, ըստ մեղադրական եզրակացութեան, Սամուէլ Բաբայեան դրդած է խումբ մը անձեր՝ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով ռազմամթերք հանդիսացող «Իգլա» տեսակի դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիր ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ պահելու: