«Ճումհուրիյէթ»ի յօդուածագիր Մինէ Քըրըքքանաթ թերթին Կիրակի, 12 Նոյեմբերի թիւին մէջ հրատարակած էր նշանաւոր ու ստեղծագործ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըի մասին դրուատալից յօդուած մը, «Սեւան Պչաքճըի Սէրը Այս Հայրենիքին Նկատմամբ» խորագիրին տակ։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ Սեւան Պչաքճը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ նշանաւոր ոսկերիչ է. անոր գործերը կը ցուցադրուին ամէն կողմ եւ նշանաւոր անձեր անոր ստեղծագործութիւնները կը կրեն, բայց Սեւան Պչըաքճը Թուրքիայէն բացի այլ տեղ ապրելու մասին չի մտածեր։
Նշելով, որ ինք Սեւանին հետ ունի երկար տարիներու բարեկամութիւն՝ ան կը յայտնէ, թէ հպարտ է այսպիսի բարեկամ մը ունենալուն համար։ Ժամանակին Սեւան անոր նուիրած էր արժէքաւոր մատանի մը, որ աւելի ուշ գողցուած է աւազակներու կողմէ։ Սեւան երբ լսած է այս մասին, անմիջապէս գողցուած մատանիին ճիշդ նմանը շինած ու նուիրած էր։
Մինէ Քըրըքքանաթ իր յօդուածին մէջ կը փառաբանէ Սեւան Պչաքճըի բարձրորակ արուեստը։ Ան կը յիշեցնէ, թէ անոր կեանքին մասին շատ գեղեցիկ վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստուած էր 72 վայրկեան տեւողութեամբ։ Ժապաւէնին մէջ Սեւան Պչաքճը ներկայացուած էր որպէս «Վարպետ մը, որ Պոլիսը խտացուցած է գոհարեղէնին մէջ»։