ԵՐԵՒԱՆ.- «Հնարաւոր է բոլոր խնդիրները քննարկել նաեւ օրէնքի ընդունումից յետոյ: Ուսանողների մտահոգութիւնները քննարկելը անհրաժեշտութիւն է», «Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան՝ անդրադառնալով տարկէտման իրաւունքի վերացման դէմ բողոքող ուսանողներու արծարծած հարցերուն:
Ըստ նախարարին՝ ենթաօրէնսդրական կարգադրու-թիւններով հնարաւոր է նշել առանձնաշնորհեալ, գիտնականներ դարձող երիտասարդներու չափորոշիչները:
«Սա այն խնդիրը չէ, որ կան բեւեռացուած դիրքորոշումներ, եւ կան յաղթողներ կամ պարտուողներ: Ես խորապէս յարգում եմ այդ երիտասարդներին, որովհետեւ իրենք իսկապէս յայտնում էին իրենց սկզբունքային դիրքորոշումները, կարողանում էին լսել», յայտնեց նախարարը:
Լեւոն Մկրտչեան ըսաւ նաեւ, որ կարելի է իրականացնել պաշտպանութեան նախարարութեան եւ գիտական հաստատութիւններու համատեղ ծրագիրներ: