ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ», (Լրագրող Ժաննա Վարդանեան).- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Վանքուվըրի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի խաղաղապահական առաքելութիւններու վերաբերեալ տարբեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու 15-16 Նոյեմբերին կայացած համաժողովին:
Համաժողովի յայտարարուած նպատակներն էին՝
– Քննարկել 2016ի պաշտպանութեան նախարարներու համաժողովէն ետք մինչ օրս արձանագրուած փոփոխութիւնները.
– Խրախուսել նոր ներդրումներ ՄԱԿի անդամ պետութիւններու կողմէ.
-ՄԱԿի անդամներու ջանքերով զարգացնել խաղաղապահութեան բարեփոխումները, աւելի լաւ ծրագրել խաղաղապահական գործողութիւնները:
Համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 70 երկիրներէ շուրջ 500 պատուիրակներ: