ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, որ Վանի Արտամէտ շրջանին մէջ հայկական գերեզմանատան վրայ կառուցուած արտաքնոց-լուացարանը պիտի քանդուի յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին, կը գրէ «Հապերսօլ» լրատուական կայքը:
«Արձակուած է համապատասխան որոշում, որ 60 օրերու ընթացքին այդ կառոյցները պէտք է քանդուին: Մենք այս հարցով հետեւողական պիտի ըլլանք», ըսած է Քուրթուլմուշ:
Նշենք, որ Արտամէտի քաղաքապետարանի հոգաբարձուին յանձնարարութեամբ, հասարակական լողափին կից գտնուող պատմական բլուրի եւ հայկական գերեզմաննոցին վրայ արտաքնոց եւ հանդերձարաններ կառուցուած էին, բողոքի ալիք մը պատճառելով:
Տարածքը նախապէս եղած է հայկական թաղամաս, որ յայտնի է իբրեւ աշխարահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրը: Թաղամասին կից գտնուող հայկական գերեզմանատունը այսօր անարգուած է եւ կատարուած կառուցապատումներուն պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են հողէն: Գերեզմաննոցն ու բլուրը չեն խուսափած նաեւ գանձախոյզներու ուշադրութենէն. վերջիններս անխնայ փորփրած են գերեզմանատունը՝ յաւելեալ վնասներ պատճառելով։