
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկին կազմակերպութեամբ, «Զմիւռնիոյ (Իզմիր) եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային եւ տնտեսական փոփոխութեան հարիւր տարին, 1850-1950» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 24-25ին, Իզմիրի Ահմետ Ատնան Սայքունի անուան արուեստի կեդրոնին մէջ: Գիտաժողովին նպատակն է 1850-1950 թուականներուն Իզմիր քաղաքին մէջ ու անոր շրջակայքը տեղի ունեցած հասարակական, քաղաքական ու մշակութային փոփոխութիւններն ու այս նիւթով կատարուած նոր աշխատանքները գիտական աշխարհին ներկայացնել: Անոր նպատակն է նաեւ Իզմիրի մէջ ու անոր շրջակայքը տեղի ունեցած փոփոխութիւնները համապարփակ ու քննական մօտեցումով դիտարկելու ճամբան բանալ:
Գիտաժողովին պիտի ներկայացուին 24 զեկոյցներ: Ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի թրքերէնէ անգլերէն բանաւոր թարգմանութիւն: Անիկա ուղղակի պիտի սփռուի www.hrantdink.org կայքէն: