ԵՐԵՒԱՆ.- Եղիշէ Չարենցի մահուան 80ամեակին առիթով, հայ գրողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ Երեւանի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին մեծ գրողի յուշարձանին դիմաց:
«Թէեւ Եղիշէ Չարենց կարճ ապրեցաւ, անոր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը լեցուն էր հայոց պատմութեան բերկրալից եւ ողբերգական էջերով: Պատահական չէ, որ հայոց պատմութեան քառուղիները Չարենցը վերլուծեց ու բանաստեղծութիւններով յանձնեց հայ ժողովուրդին: Չարենցի բանաստեղծութեան եւ արձակին մէջ համադրուած է ամբողջ համաշխարհային գրականութիւնը: Չարենց իր ժամանակներու անաչառ գնահատականը կու տար եւ այդ պատճառաւ ալ պատժուեցաւ, բանտարկուեցաւ: Պէտք է յիշենք Չարենցը եւ բռնաճնշման ենթարկուած միւս գրողները, որոնք էական դեր կատարած են հայ գրականութեան կայացման գործին մէջ», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յայտնեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:
Ըստ Է. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանի՝ Չարենց վիթխարի գրող էր. ան չէր կրնար ապրիլ իր ժամանակի հեղձուցիչ սահմաններուն մէջ: «Ան կամ պիտի խորտակէր այդ սահմանները, պայթեցնէր զանոնք, կամ պիտի դառնար անոնց զոհը: Չարենց երկուքն ալ ըրաւ: Ան ուրուագծեց հոգեւոր հայրենիքը, որ անեզր է, տիեզերական: Չարենց մեր պատմութեան խորխորատներէն այնպիսի լոյս բխեցուց, որ մինչեւ այսօր կը պայծառացնէ ու յաւերժ պիտի լուսաւորէ հայ մշակոյթը», ըսաւ Վարդանեան:
«Ան ապրեցաւ քառասուն տարի, եւ անոր կեանքը աւարտեցաւ իր արարչական գործի ճանապարհի կիսուն: Վերջին տարիներուն, Եղիշէ Չարենց հազուադէպ պարագաներու տունէն դուրս կու գար, եւ ոչ ոք անոր կ՛այցելէր: 1937ին՝ իր քառասնամեակի օրերուն, ան գրած էր, որ կը տօնէ կրկնակի յոբելեանը՝ իբրեւ մինակ եւ հալածական բանաստեղծ աքսորեալ սեփական հայրենիքին մէջ», յայտնեց Եղիշէ Չարենցի թոռնուհին՝ Գոհար Չարենց: Ան ընդգծեց, որ Չարենց պիտի ապրի, քանի դեռ կայ հայ մարդը:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայաստանի գրողներու միութիւնը: