ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանցի գործարար Թելման Իսմայիլով քաղաքական ապաստանեալի իրաւունք խնդրած է Ֆրանսայէն։ Ան մտադիր է Փրովանս հաստատուիլ։ Կը նշուի, որ Իսմայիլով ֆրանսական յատուկ ծառայութիւններուն յայտնած է, թէ ինք գաղտնի տեղեկութիւններ ունի Ռուսիոյ գրեթէ բոլոր ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասին, եւ եթէ իրեն քաղաքական ապաստան տրամադրուի, ապա պատրաստ է բոլոր տեղեկութիւնները տրամադրել Ֆրանսայի իշխանութեանց։
Նշենք, որ Մոսկուայի մէկ դատարանը ձերբակալութեան վճիռ արձակած էր Իսմայիլովի դէմ, որ կը մեղադրուի բազմաթիւ սպանութիւններ կազմակերպելու յանցանքով։ Անոր դէմ միջազգային հետախուզում հռչակուած է։
Յիշեցնենք, որ Իսմայիլով Անթալիոյ մէջ կառուցած էր նշանաւոր «Մարտան Փալաս» պանդոկը։