ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Սփիւռքեան հայկական կառոյցներուն մէջ ՀՄԸՄը կը հանդիսանայ ամէնէն երիտասարդը եւ հայակերտումի աշխատանքին ծառայելու յանձնառու սերունդներ հայութեա՛մբ թրծող ու պատրաստող այն միութիւնը, որ 99 տարիներէ ի վեր կը սնուցանէ իրերայաջորդ սերունդներու հոգեկան, ազգային ու բարոյական ծարաւը:
Այս տարի, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մեծ ընտանիքը ականատես եղաւ իր մեծագոյն մասնաճիւղերէն՝ Փասատինայի «Ա-զատամարտ»ի հիմնադրութեան 40ամեակի յոբելենական տօնախմբութեան:
Այսպէս, «Ազատամարտ»ը Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Փասատինայի The Langham Huntington պանդոկի շքեղ սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 40ամեակը՝ հրապարակային ու աննախընթաց կերպով, ճաշկերոյթ-պարահանդէսի միջոցաւ:
Հպարտօրէն պէտք է ըսել, որ երբ կը խօսինք ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին մասին, ապա ուրեմն կը պատմենք Փասատինայի հայութեան՝ անցած չորս տասնամեակներու վրայ երկարող պատմութիւնը, որ միշտ արժանացած է շրջանի հայութեան գնահատանքին, սիրոյն, գուրգուրանքին եւ յարգանքի տուրքին, որովհետեւ մասնաճիւղը ՀՄԸՄի բարձր սկզբունքներուն վրայ ինքզինք արժեւորած է եւ տասնամեակներ ապրած ու ապրեցուցած է:
Արդ, ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40ամեակին նուիրուած պատմական այս ձեռնարկին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուղեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանի ու անդամ Փիեռ Մանուկեանի կողքին ներկայ էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Այտա Տիմէճեան, ՀՅԴ շրջանի «Լեռնավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արման Պաղտոյեան, «Ազատամարտ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Անիթա Տէրտէրեան եւ իր բոլոր գործընկերները, օրուան մեծարեալները՝ դոկտ. Սարգիս Կարապետեան, Գէորգ Մանուկեան, Սալբի Լապպատ, Մունիր Հաճճար եւ Պերճ Պետոյեան՝ իրենց հարազատներով, շրջանէն ներս գործող ՀՕՄի, Համազգայինի, Հայ Դատի եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, բարերարներ եւ աւելի քան 450 ՀՄԸՄական երկսեռ երիտասարդներ:
Սրահը անկասկած, որ տօնական օր կ՛ապրէր: Սրահէն ներս, հեռատեսիլի երկու մեծ պաստառներու վրայ տեւական կը ցուցադրուէր մասնաճիւղին յատուկ տեսերիզը: Մուտքին կար նաեւ լուռ աճուրդի բաժին:
Աւանդական «քոքթէյլ»ի պահէն ետք, ձեռնարկի պաշտօնական բաժինին, ներկաները հրաւիրուեցան յոտնկայս ունկնդրելու ամերիկեան, հայկական եւ ՀՄԸՄի քայլերգները՝ երգեցողութեամբ Իվանա Գրիգորեանի: Ապա հանդիսավարներ Սանան Շիրինեան (հայերէն) եւ Թալին Գեւոյեան (անգլերէն) իրենց տպաւորիչ բացման խօսքերուն մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն այս երեկոյեան իրենց դրական զօրակցութեան համար, ապա Շիրինեան մէջբերեց Ն. Աղբալեանի նշանաւոր խօսքը՝ «ՀՄԸՄը ճանչնալու համար, պէտք է ազգային գիտակցութիւն ունենալ», եւ ըսաւ. «Այս համոզումով դաստիրակուած ենք բոլո՛րս ու մեր յաջողութիւնը կը պարտինք այս ընտանիքին: ՀՄԸՄական ըլլալը հաճելի կեանքն է: Հո՛ս է որ հայու մաքուր նկարագիր կը կերտուի»: Իր կարգին, Գեւոյեան վեր առնելով միութեան գերագոյն նպատակները՝ շեշտեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս հայ փոքրիկի կեանքին մէջ հա՛յ մնալու իմաստաւորումը:
Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց սեղանները ու իր սրտի խօսքով շնորհաւորեց «Ազտամարտ» մասնաճիւղի ընտանիքին անխոնջ աշխատանքը՝ յարատեւութիւն մաղթելով անոր: «Այս երեկոյ տօնական եւ յաղթանակի օր է, որովհետեւ անգամ մը եւս կը գտնուինք աշխոյժ եւ միշտ եռանդուն այս համայնքէն ներս, իսկ այս անգամ, շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան հիմնադրութեան 40ամեակէն ետք, կը տօնենք ՀՄԸՄի մասնաճիւղի չորս տասնամեակներու հիմնադրութիւնը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը. ան նաեւ բարի յիշեց, թէ այս տօնախմբութիւնը խորքին մէջ նախատօնակն է յառաջիկայ տարի ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակի նշումին:
«Հարիւր տարի առաջ, եթէ Հայաստանի անկախութիւնն ու ՀՄԸՄը չըլլային, այսօր ո՞ւր պիտի ըլլայինք», հարց տուաւ առաջնորդը, ապա մեծապէս գնահատեց վարչութիւնն ու բոլոր անդամներուն ներդրումը, միաժամանակ մաղթեց, որ մասնաճիւղը շուտով ունենայ իր սեփական մարզադաշտը:
Ցուցադրուեցաւ գեղեցկօրէն պատրաստուած յատուկ տեսերիզ մը, որ կը պարունակէր մասնաճիւղին անցնող 40ամեակին նուիրուած հաստատումներ, մաղթանքներ եւ վկայութիւններ: Ցուցադրուած երիզին մէջ նաեւ կարճ ելոյթներ ունեցան մասնաճիւղի պատասխանատուները: Անկասկա՛ծ, հրամցուած այս տեսերիզը իբրեւ պատմական նախաձեռնութիւն մեծապէս տպաւորեց հանդիսատեսը: Անիկա իր խօսքերով, նկարներով ու մանաւանդ երաժշտութեամբ եկաւ անգամ մը եւս տարբեր խանդավառութեամբ լեցնելու սրահի մթնոլորտը: Նաեւ, ցուցադրուեցան վարչութեան կողմէ պատրաստուած նոր մարզադաշտի մը ծրագիրին մանրամասնութիւնները: Ուշագրաւ էին նոր խաղավայրին ու յարակից կազմածներուն ընդհանուր եւ արդիական ձեւով հրամցուած նկարները:
Ապա, յանուն վարչութեան, մասնաճիւղի ժրաջան ատենապետուհի Անիթա Տէրտէրեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, շնորհաւորեց մասնաճիւղի անդամները այս պատմական իրադարձութեան առթիւ, ապա շեշտեց, թէ մասնաճիւղին յաջողութիւնը կը պարտինք բոլորին անսակարկ նուիրումին եւ ներդրումին:
«Իր հիմնադրութենէն ի վեր, մասնաճիւղս հիմնական նկատած է ունենալ իր սեփական կեդրոն-մարզադաշտը, հոն մէկտեղելու համար մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչները՝ առողջ միտք, առողջ մարմին կարգախօսով» ըսաւ ան, ապա աւելցուց, որ նոր մարզադաշտի ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է առնելու իր նախնական քայլերը:
«Նման դաշտ մը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ծրագիրներու իրագործման եւ մանաւանդ՝ գալիք սերունդներու ոգեւորման ճիգերուն»: Իբրեւ ապագայի փայլուն հեռանկար նոր մարզադաշտի մը տէր դառնալու մասնաճիւղի ծրագիրին յայտարարութիւնը մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ սրահին կողմէ:
Աւելցնենք, որ վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր պատմական այս նշանակալից օրուան առթիւ հրապարակային կերպով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու գործօն այն անդամներուն, որոնք անցնող տասնամեակներուն անսակարկ զոհաբերած էին՝ յանուն մասնաճիւղի յաջողութեան եւ յարատեւութեան:
Արդարեւ, ատենապետուհին իրերայաջորդ կերպով բեմ հրաւիրեց միութեան անդամներէն Մունիր Հաճճարը, Սալբի Լապպատը, Գէորգ Մանուկեանը, Պերճ Պետոյեանը եւ դոկտ. Սարգիս Կարապետեանը, որոնք ստացան յատուկ յուշանուէրներ: Իր կարգին, դոկտ. Կարապետեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս նուէրը կամ պատիւը միայն իրեն չի պատկանիր, այլ՝ բոլորի՛ն, որովհետեւ շնորհիւ աջակից անսակարկ նուիրատուներու, բարերարներու եւ քաջալեր հանդիսացողներու փաղանգին՝ ինք կրցած էր խոնարհաբար եւ օրինակելի կերպով ծառայել իր սիրելի մասնաճիւղին:
Այս առթիւ հրապարակային կերպով իրենց երախտագիտութիւն յայտնելու համար, ատենապետուհի Տէրտէրեան բեմ հրաւիրեց Գալուստ Շխրտմեանը (երիցագոյն անդամ), դոկտ. եւ տիկ. Սարգիս եւ Սիմա Կարապետեանները, Ժագ Գապասուզեանը, Մանօ Մինասեանը եւ տէր եւ տիկ. Ժոզէֆ եւ Հուրի Պաղտատլեանները: Նոյնպէս, Տէրտէրեան յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ամիսներէ ի վեր ճգնած էր բացառիկ կերպով տօնախմբելու միութեան այս յոբելեանը:
Յանուն ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Փիեռ Մանուկեան շնորհաւորեց մասնաճիւղը՝ պատմական այս թուականին առթիւ, եւ գնահատեց վարչութեան ու մանաւանդ «Ազատամարտ» մասնաճիւղին տարած աշխատանքները, ապա Շրջանայինին յուշանուէրը յանձնեց ատենապետուհի Տէրտէրեանին: Տեղի ունեցաւ աւանդական մոմավառութիւն, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով անդամ-անդամուհիներ եւ ՀՄԸՄի համակիրներ ու քաջալերողներ:
Ձեռնարկի կարկանդակի հատումի բաժինին, տարեց անդամ Շխրտմեանին տրուեցաւ այդ պաշտօնը: Երեկոն խանդավառեցին երգիչներ Սուրօ, «Տի.Ճէյ. Հարթպի»չ եւ Հայբերդ Լիօ Սարեան, որոնք իրենց ժողովրդական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով մինչեւ ուշ գիշեր ստեղծեցին անմոռանալի մթնոլորտ:
Կը մաղթենք, որ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անբաժան անդամ այս մասնաճիւղը շարունակէ իր փայլուն երթը, յանուն մեր նոր սերունդի ու ժողովուրդի ապագային: Լաւագոյն ու բարի երթի մաղթանքներուն կողքին, մեր սրտանց շնորհաւորանքը կ՛ուզենք հասցէագրել 40 տարեկան այս երիտասարդ մասնաճիւղին, որ յանձնառու գիտակցութեամբ եւ հաւատարմօրէն շարունակէ ՀՄԸՄի մեծ նշանաբանին իր ուխտը: