ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, երեկոյեան ժամը 7ին, գեղարուեստի «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի՝ Լոս Անճելըս քաղաքին նուիրուած ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։
«Home Sweet Home» խորագրուած սոյն ցուցահանդէսին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին Երէցեանի այն գործերը, որոնք կը փառաբանեն այն քաղաքը, որ թեւեր տուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ծնողներու զաւակ եւ Լիբանանի մէջ հասակ նետած արուեստագէտին։ Անոնց մէջ է նաեւ հայկական թռչնագիրերով զարդարուած հրեշտակի արձանը, որ մաս կազմած էր Լոս Անճելըսի տարածքին տեղադրուած հրեշտակի արձաններու «Հրեշտակներու համայնք մը» նախաձեռնութեան։
Մուտքը ազատ է։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, իսկ ցուցադրասրահի ժամերն են՝ առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։
Ցուցադրասրահին հասցէն է 415 E Broadway suite 100, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 241-0611 թիւին։