ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճան ողջունած է Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գծով Ռուսիոյ ջանքերուն աշխուժացումը։ «Մոսկուա կրնայ մեծ դեր խաղալ այս հակամարտութեան կարգաւորման մէջ», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով օգնական Նովրուզ Մամետով՝ ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի:
«Դրական կը համարեմ այդ շփումները: Բանակցութիւններու առկայութիւնը, քննարկումներու կայացումը կը բերեն նոր գաղափարներ», աւելցուցած է ան:
Աւելի կանուխ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած էր, որ Դեկտեմբեր 6ին, Վիեննայի մէջ, Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւններու ծիրէն ներս հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ: