ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Թուրքիոյ դատախազութեան որոշումով՝ անցած շաբաթավերջին գրաւուեցան Անգարայի վերնախաւին դէմ բացայայտումներ կատարող իրանցի թուրք գերծարար Ռեզա Զարրապի հարստութիւնն ու կալուածները Թուրքիոյ մէջ։
Աւելի ուշ, Զարրապի՝ Պոլսոյ գրասենեակի եօթը աշխատակիցները կալանքի տակ առնուեցան, քանի որ անոնք գիտեն իրանցի գործարարին բոլոր գաղտնիքները եւ «սեւ տուփ» կը նկատուին։ «ՀապերԹիւրք»ի լրատուութեան համաձայն՝ Զարրապի մօտիկ անձեր փորձած էին կալանքի տակ առնուելէ առաջ ոչնչացնել բոլոր փաստաթուղթերը, սակայն ոստիկանութիւնը կրցած էր փրկել այդ փաստաթուղթերուն մէկ մասը։
Միւս կողմէ, Դեկտեմբեր 5ին հաղորդուեցաւ, որ Զարրապի կինը՝ յայտնի երգչուհի Էպրու Կիւնտեշ, ամուսնալուծութեան դատ բացած է՝ առանց սպասելու Նիւ Եորքի դատավարութեան աւարտին։