ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Դեկտեմբեր 8ին կայացած դատական նիստին որոշում տրուեցաւ 5 կասկածելիներ պայմանականօրէն ազատ արձակելու. այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Յայտնի է, որ ազատ արձակուածները՝ Պեքիր Եոքուշ, Էճեւիթ Էմիր, Էմրէ Ճինկէօզ, Հաճը Շերիֆ Շիմշեք եւ Շերեֆ Աթեշ, Տինքի սպանութեան օրերուն Պոլսոյ ոստիկանութեան հրամանատարութեան աշխատակիցներ էին: Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14րդ դատարանին մէջ կայացած դատական նիստին ընթացքին արձանագրուած է, որ որոշ տեսաձայնագրութիւններու մէջ կը բացակայի նշեալ կասկածելիներուն յստակ նմանութիւնը:
Յիշենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 19 Յունուար 2007ին, թուրք ազգայնամոլներու ձեռամբ։
Ահա 11 տարի անցած է Հրանդի սպանութենէն ասդին եւ տակաւին յայտնի չէ թէ երբ պիտի վերջանայ դատավարութիւնը: Անցեալ տարուան ընթացքին Ֆեթոյականներուն վերագրեցին ոճրին կազմակերպութիւնը, իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ Ֆեթոյականներ ազատ կ’արձակուին երբ հազարներով կը ձերբակալուին անոր հետեւորդները: Ուրեմն այս խաղին մէջ, թէքութիւնը ինքզինք կը վարկաբեկէ առանց ամչնալու: