ՍԱՐՖ ՄԻԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Վերջին շրջանին, որոշ չափով, Սուրիոյ Մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը կը տարածուին համայն հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ, բուռն պատերազմին իբրեւ հետեւանք, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի, հաշմանդամ եւ կորուսեալ անհատներով լի ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող հայ երիտասարդ անգին զոհեր, զուգահեռ՝ կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ եւ գործատեղիներ…:
Հիմնուելով ընթացիկ տարուան Ապրիլ ամսուն Կիլիկիոյ աթոռանիստ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած համագումարի որոշումներուն վրայ, ՍԱՐՖի գործադիր մարմինը պիտի օժանդակէ սուրիահայ Մայր գաղութի վերականգնման ու վերակառուցման նոր ծրագիրներուն՝ շարունակելով ՍԱՐՖի առաքելութիւնը։
Առ այդ, ընթացիկ Դեկտեմբեր ամսուն, ՍԱՐՖի գործադիր մարմինին հրաւէրով գաղութս պիտի այցելէ Սուրիոյ Բերիոյ թեմի Հալէպի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու եւ պատգամաբերը դառնալու սուրիահայութեան ի նպաստ կազմակերպուած հանգանակային ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 13, 2017ի երեկոյեան ժամը 7ին, «Chevy Chase Country Club»ին մէջ (3067 E Chevy Chase Dr, Glendale, CA 91206):
Նոյն շաբաթավերջին՝ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք մը՝ Իրանահայ միութեան կեդրոնէն ներս, Կլենտէյլ, ուր անգամ մը եւս պատգամաբեր Շահան սրբազանը մանրամասն տեղեկութիւններով եւ լուսաբանութիւններով գաղութս հաղորդակից պիտի դարձնէ Սուրիահայ Մայր գաղութի վերջին իրադարձութիւններուն, ընկերատնտեսական պայմաններուն, ինչպէս նաեւ Մայր գաղութի վերակառուցման եւ վերականգնումի անմիջական ծրագիրներուն:
Կը հրաւիրենք գաղութի մեր հայրենակիցները ներկայ գտնուելու եւ տեղեակ ըլլալու Մայր գաղութի այժմու իրադարձութիւններուն:
ՍԱՐՖ պատնէշի վրայ է վերականգնումի այս յոյժ կարեւոր ու անմիջական ծրագիրին օժանդակութեան համար եւ խորապէս կը գնահատէ ազնիւ աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը մեր հայրենակիցներուն, որոնք անցնող վեց տարիներուն մեծահոգի ու առատաձեռն նուիրատուութեամբ օժանդակեցին սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյատեւման՝ միշտ յիշելով, որ «Ո՛չ մէկ հայ անհատ պիտի մնայ անտէր ու անօգնական»:
Միասնական ջանքերով վերականգնե՛նք Սուրիահայ Մայր գաղութը: