ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Եկատերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) կայացած քարաթէի աշխարհի ախոյեանութեան արցախցի մարզիկ Արթուր Առուշանեան դարձաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Առուշանեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը 60 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ: Արցախցի մարզիկը եզրափակիչ փուլին յաղթեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ֆարիտ Քասումովին: Նշենք, որ Ա. Առուշանեան 2015ին եւս դարձած էր քարաթէի աշխարհի ախոյեան:
Ապրի’ս, շա’տ ապրիս Արթուր: