Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եւրոպական երկիրներու կամ Եւրոպայի մէջ տեղակայուած միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ պաշտօնավարող Հայաստանի դեսպաններուն եւ մշտական ներկայացուցիչներուն տարեկան խորհրդակցութիւնը. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցեցան ժողովին:
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Վիեննայի ժողովին ընթացքին քննարկուեցան անցեալ Մարտին տեղի ունեցած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը: Ամփոփուեցան այս տարուան տեւողութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ կատարուած աշխատանքները:
Վիեննայի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ այդ փաստաթուղթէն բխած ընելիքներուն: Արծարծուեցաւ եւրոպական այլ կառոյցներէ ներս համագործակցութեան:
Հանգամանալից քննարկում տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 24րդ ժողովի արդիւնքներուն շուրջ: Եդուարդ Նալբանդեան այս ամբողջին մէջ դեսպաններուն զեկուցեց 6 Դեկտեմբերին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ ունեցած հանդիպումներու մասին:
Դեսպաններու խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յաջորդ տարի Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ այս առումով դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն ակնկալուած քայլերուն:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստան յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանձնէ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ քննարկում տեղի ունեցաւ կառոյցի օրակարգի հարցերուն շուրջ:
Յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն վրայ: Կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս Հայաստանի ներգրաւուածութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ, անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական վեհաժողովներու գործունէութեան: Մանրամասն քննարկում տեղի ունեցաւ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, միջխորհրդարանական կապերու խթանման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդարձակման, մշակութային կապերու եւ գիտակրթական փոխանակումներու շուրջ: Խորհրդակցութեան տեւողութեան կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ դեսպանընկալ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման, ներդրումներու խրախուսման նպատակով իրականացուած քայլերուն: Այս առումով կարեւորուեցաւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններու հետ աշխատանքներու համադրումը:
Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ էր Սփիւռքի կառոյցներու հետ աշխատանքը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը հրատապ տարածքաշրջանային եւ միջազգային հարցերու եւ անոնց լուծման ուղիներու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն: