ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ, 11 Դեկտեմբերին մարտական հերթապահութեան ընթացքին ականի մը պայթումէն վիրաւորուեցաւ զինուոր Արթուր Գարիկի Դանիէլեան (1998ի ծնունդ):
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Այժմ զինծառայողը կը գտնուի Բերդի հիւանդանոցին մէջ. անոր վիճակը կայուն ծանր է: